«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Կը Սկսին Խմբակներու Դրութեամբ Տեղի Ունեցող Մրցումները
Այսօր` երեքշաբթի, 17 սեպտեմբերին, կը սկսին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2013-2014 տարեշրջանի մրցումները, երբ կը կատարուին ութ ճակատումներ: Վաղուան յայտագիրին վրայ եւս կան 8 հանդիպումներ:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ այսօր պիտի հիւրընկալէ Պայէր Լեւերքուզընը, դաշտ պիտի ներկայանայ առանց Նանիի (կախակայուած):
Տիտղոսակիր Պայէրն Միւնիխ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մոսկուայի Բանակայինները:
Ռէալ Մատրիտ Թուրքիոյ մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Կալաթասարայի:
Ինչ կը վերաբերի վաղուան մրցումներուն, Պարսելոնա պիտի հիւրընկալէ Այաքս Ամսթերտամը, մինչ Պորուսիա Տորթմունտ հիւրը պիտի ըլլայ Նափոլիի:
Ստորեւ կու տանք մրցումներուն յայտագիրը (բոլոր մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պայէր Լեւերքուզըն
Ռէալ Սոսիետատ – Շախտիոր Տոնեցք
Բ. ԽՄԲԱԿ
Քոփենհակըն – Եուվենթուս
Կալաթասարայ – Ռէալ Մատրիտ
Գ. ԽՄԲԱԿ
Պենֆիքա – Անտըրլեխթ
Օլիմփիաքոս – Փարիզ Սեն Ժերմեն
Դ. ԽՄԲԱԿ
Պայէրն Միւնիխ – Մոսկուայի Բանակայիններ
Վիքթորիա Փլզեն – Մանչեսթըր Սիթի
ՎԱՂԸ
Ե. ԽՄԲԱԿ
Չելսի – Պալ
Շալքէ – Շթէուա Պուքրէշ
Զ. ԽՄԲԱԿ
Մարսէյ – Արսենալ
Նափոլի – Պորուսիա Տորթմունտ
Է. ԽՄԲԱԿ
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ
Աւստրիա Վիեննա – Փորթօ
Ը. ԽՄԲԱԿ
Ա. Սէ. Միլան – Սելթիք
Պարսելոնա – Այաքս Ամսթերտամ

