Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ըսէք այն, ինչ որ ունիք ձեր սրտին մէջ: Մի՛ վախնաք դժուարութիւններէ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Բարեկամութիւն մը պիտի զօրանայ: Եղբայրական յարաբերութիւն պիտի ունենաք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Վստահութիւն ունիք ձեր գործին: Յարատեւ ուշադիր եղէք ձեր շուրջիններուն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կապ պահեցէք ձեր ծանօթներուն հետ, մանաւանդ երբ ճամբորդած էք անոնց հետ: Օրը խաղաղ է:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի կարենաք լաւ յարաբերութիւն մշակել ձեր շրջապատին հետ: Պիտի յարգուիք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի կարենաք խմբական աշխատանք կատարել եւ արդիւնք ստանալ: Օրը լաւ է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Նախաձեռնութիւններ կատարեցէք, երբ տեսնէք, թէ արդիւնքը լաւ է: Ամէն բան պատրաստ չէք կրնար ունենալ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մարզանք կատարեցէք առողջ մնալու համար: Կ՛արժէ չի խնայել այս հարցին մէջ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շատ ճնշում մի՛ բանեցէք ընտանեկան ձեր գլխաւոր դերակատարութեամբ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ մանկավարժ էք կամ ծնող, ուշադիր եղէք ձեր զաւակներուն խնամքին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Քիչով շատ բաներ պիտի ընէք: Կարողութիւն ունիք բարգաւաճելու:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ֆիզիքապէս հիանալի էք: Սքանչելի աշխատանքներ պիտի իրագործէք: Շարունակեցէք նոյն թափով:

Share this Article
CATEGORIES