50 Տարի Առաջ (18 Սեպտեմբեր 1963)

Թուրք Թերթեր Հայերու Մասին

Մուսթաֆա Քեմալ Ինչեր Ըսած Էր
Գերման Կուսակալին

 Սուլթան Համիտ Եւ Միհրան Էֆենտի 

Վերջերս թրքական թերթեր շատ կը զբաղին Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններով, մանաւանդ` հայերով:

Պոլսոյ «Սոն Հաւատիս» թերթին մէջ Հ. Տենիզ ատենէ մը ի վեր գրի կ՛առնէ Մուսթաֆա Քեմալի մասին անտիպ յուշեր: Թերթի վերջին թիւին մէջ հետեւեալ դրուագը կը պատմէ:

Գիշեր մը օսմանեան գահաժառանգ Վահիտէտտին եւ Մուսթաֆա Քեմալ Ալզասի կուսակալին ապարանքը հրաւիրուած էին: Ատեն մը վերջ Վահիտէտտին Մուսթաֆա Քեմալը իր սեղանը կանչած էր եւ` Ալզասի կուսակալին ըսած.

– Ահաւասիկ քովս կը գտնուի ճակատները գտնուող հրամանատար մը. եթէ կ՛ուզէք, զինք ալ ունկնդրեցէք:

Մուսթաֆա Քեմալ հետաքրքրուելով հարցուցած է Վահիտէտտինի թէ` ի՞նչ է խնդիրը:

– Հայերը…- պատասխանած է գահաժառանգ իշխանը:

Գերման կուսակալը խօսած էր իր լսած այն եղերական հալածանքներու մասին, որոնք ի գործ կը դրուէին հայերու հանդէպ եւ ըսած էր, թէ հայերը այդպիսի հալածանքներու պէտք չէ ենթարկուին:

Մուսթաֆա Քեմալ գերման կուսակալին այդ արտայայտութիւններէն երբեք գոհ մնացած չէր, որովհետեւ` նախ իրենք անոր հիւրերն էին եւ երկրորդ` Վահիտէտտին Թուրքիոյ ապագայ թագաւորն էր, անոր հետ նման խօսակցութիւն մը ունենալ եւ հայերը պաշտպանել անհեթեթ բան մըն էր:

Մուսթաֆա Քեմալ, որ ջղայնացած երեւոյթ մը ունէր, գերման կուսակալին հետեւեալ պատասխանը տուաւ.

– Ինծի զարմանք պատճառեց բարեկամ կուսակալի մը այդ խօսքերը: Նախ կ՛ուզեմ հասկնալ, թէ ի նպաստ հայերու արտայայտուելու այդ գաղափարը ուրկէ՞ կու գայ: Անոնք` հայերը կը ջանան խաբել աշխարհը` պնդելով, թէ պատմութեան չեմ գիտեր ո՛ր շրջանին իրենք գոյութիւն ունեցած են:

Մուսթաֆա Քեմալ հեգնանքով ընդունած է գերման կուսակալին խօսքերը եւ` զարմանք յայտնած, որ Թուրքիոյ ցոյց տուած այնքան մեծ զոհողութիւններէն ետք, գերման մը տակաւին կրնար մտածել թրքական հողերուն վրայ հայկական պետութիւն մը հիմնելու մասին:

 

Միհրան Էֆենտիին Ժուռնալները

«Ենի Իսթանպուլ» թերթին մէջ Ալթեքին Էրեր հետեւեալը կը պատմէ «Սապահ»-ի տէր լրագրող Միհրան էֆենտիին մասին.

Սուլթան Համիտի ամէնէն խիստ բռնակալութեան շրջաններուն կարգ մը լրագրողներ մէկ կողմէ ազատութեան եւ հաւասարութեան գովքը կը հիւսէին, միւս կողմէ ալ ժուռնալճիութիւն (լրտեսութիւն, Ա.) կ՛ընէին անոր` իբրեւ հասարակ վարձկան գործակալ:

Յօդուածագիրը կու տայ ժուռնալճի լրագրողներու երկար ցանկ մը, որուն մէջ կը գտնուի նաեւ Միհրան էֆենտի, «Սապահ» թերթին տէրը:

Թեքին Էրեր իբրեւ ժուռնալի նմուշ մը` կ՛արտագրէ Միհրան էֆենտիին կողմէ 60 տարի առաջ` 8 սեպտեմբեր 1903-ին Ապտիւլ Համիտին տրուած ժուռնալ մը, որուն մէջ «Սապահ» թերթի տէր Միհրան» ստորագրութեամբ կ՛ըսուի, թէ տպարանին նիւթական վիճակը շատ գէշ է, փութով կը խնդրէ այն դրամական վճարումը, զոր սուլթանին աւագ քարտուղարը խոստացած էր իրեն յետոյ, տակը, նոթի ձեւով, մատնութիւն կը կատարէ «հայազգի Վահրամ պէյի դէմ, որ ամուսնացած է կոմս Ռիչնի փաշայի աղջկան` կոմսուհիին հետ»:

 

Ձուկը Ձկնորսը Տարաւ

Անթալիոյ մէջ ուշագրաւ դէպք մը պատահած է:

28 տարեկան Հասան ձկնորսութիւն կ՛ընէր ծովեզերքը: Կարթը յանկարծ ուժգնօրէն կը քաշքշուի ետեւէն մինչեւ ծով: Ալիքները կը տանին զայն եւ կ՛ըլլայ խեղդամահ:

Խոշոր ձուկ մը կարթը խածնելով` ձկնորսն ալ հետը քաշած էր մինչեւ ծով…

 

Տոմսեր

Ճշմարտութիւնը
Հողին Տակ Է Միշտ

Ամերիկեան թերթի մը տեղեկատուութեան համաձայն, ամերիկեան հնագիտական արշաւախումբ մը, որ պեղումներ կը կատարէ Անգարայի մօտ, Թուրքիա, գտած է հին ոսկեդրամներ, որոնք անմիջապէս յանձնուած են Անգարայի թանգարանին:

Օտար այս դրամները կը գտնուին այն օրերուն, երբ թուրք պատմաբաններ կը ջանան «փաստել», թէ այսօրուան Թուրքիան… իրենց բուն հայրենիքն է: Մինչդեռ նոյնիսկ մայրաքաղաք Անգարայի պարիսպներուն տակ կը վխտան Մեծն Աղեքսանդրի եւ Կրեսոսի դրամները:

Թրքական հողերու մէջ շարունակ օտար դրամներ գտնող հնագէտ մը, իր աշխատած փոսին շուրջ տեսակցելով լրագրողներու հետ, յայտարարած է:

– Թուրքիոյ արեւմտեան շրջանին մէջ տարիներէ ի վեր պեղումներ կը կատարենք եւ ցարդ գտած ենք յունական, մակեդոնական, փռիւքիական, ֆրանսական եւ անգլիական դրամներ: Վերջերս ամերիկեան տոլարներ ալ սկսած ենք գտնել, սակայն այնքա՜ն նոր են անոնք, որ կարելի չէ հնութիւն նկատել: Զարմանալի է, որ թրքական դրամ չենք կրնար գտնել: Այս երկիրը կա՛մ դրամ չէ ունեցած, եւ ուրիշներու դրամով ապրած է, եւ կա՛մ այս երկիրը թուրքերուն չէ պատկանած` այլ ուրիշներու:

Միւս կողմէ, Կեդրոնական Ասիոյ խըրխըզներ, թաթարերու, մոնկոլներու երկիրներուն մէջ հողի տակէն թրքական դրամներ կը հանուին: Ի՞նչ է արդեօք այս տարօրինակ երեւոյթին պատճառը, չենք հասկնար…

Լրագրող մը փորձած է լուսաբանել դրամագիտական հանգոյցը` ըսելով.

– Չէ՞ք կարծեր, որ թուրքերուն բուն հայրենիքը խըրխըզներու, մոնկոլներու, թաթարներու եւ այլ թաթարատիպերու երկիրն է, եւ թէ` անոնք այս կողմերը եկած են պարզապէս ուրիշներու դրամով ծուլօրէն ապրելու նպատակով…

Եւ մինչ հնագէտը կը մտմտար պատասխան մը գտնելու համար, յանկարծ փոսէն կմախք մը կ՛ելլէ` հայերէն աղաղակելով.

– Թուրքերը այս կողմերը եկան ո՛չ միայն «ծուլօրէն», այլ մանաւանդ` մարդասպանութեա՛մբ ապրելու համար…

Անգարայի թանգարանը կը մերժէ այդ կմախքին տեղ տալ հնագիտական առարկաներու քովիկը…

ԳԻՍԱՒՈՐ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )