«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Պուրճ Համուտի Քաղաքապետ Հայր Պօղոս Արիսի Ժողովրդանուէր Գործունէութիւնը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կազմաւորուեցաւ գլխաւորաբար Զմմառի միաբան հայր Պօղոս վարդապետ Արիսի անխոնջ ջանքերով: Ան իր ամբողջ հնարաւորութիւններն ու կարելիութիւնները ի սպաս դրաւ Պուրճ Համուտի հայացման, զարգացման ու անոր աստիճանական բարգաւաճման: Բնիկ մարտինցի, ծնած` 1888-ին, Հալէպ, ան արաբագէտ էր, լաւ կապեր ունէր պետական եւ տեղացի արաբ շրջանակներու հետ, եւ այդ հանգամանքով ալ օգտակար եղաւ տեղական լեզուին ու պայմաններուն անծանօթ հայ ժողովուրդի զաւակներուն: Ժողովրդանուէր, պարզ, հաղորդական եւ բարեհամբոյր, ան յաճախ հեծիկով կը շրջէր Պուրճ Համուտի փողոցները, մօտէն կը հետաքրքրուէր ժողովուրդի կենցաղով, դժուարութիւններով ու առողջապահական հարցերով: Լուացք ընող եւ պատշգամներէն օճառոտ ջուրը վար թափող կիները կը յանդիմանէր ըսելով. «Ջուրը վար մի՛ թափէք, մժեղ կ՛ըլլայ»: Նաեւ` հայր Պօղոս Արիսի հովանաւորութեամբ կատարուեցաւ Պուրճ Համուտի թաղամասերու բաժանումը:
Հայր Պօղոս Արիս ընդարձակ բանջարանոց մը ունէր Նոր Սիսէն դէպի գերեզմանատուն տարածքին: Այդ բանջարանոցէն յարմար գինով եւ մեծաքանակ ժողովուրդը կը գնէր լոլիկ, սմբուկ, պղպեղ եւ այլն, եւ լոլիկի ու պղպեղի ջուր կը պատրաստէր:
Նշենք, որ լիբանանեան մամուլը յաճախ անդրադարձած է հայր Պօղոս Արիսի բարերար գործունէութեան:
Հայր Պօղոս Արիսի ջանքերով 1939-ին հիմնուեցաւ Նոր Մարաշի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը, իսկ 1953-ին վարժարանի կողքին կառուցուեցաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցին: 1953-էն 1957 ան Զմմառու վանքին մեծաւորը եղաւ: Հայր Պօղոս Արիս վախճանեցաւ 24 յունուար 1961-ին:
Վախճանումէն տարիներ ետք կիսանդրին զետեղուեցաւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ:
***
«Ազդակ»-ի թղթակիցներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին հայր Պօղոս Արիս հետաքրքրական տեղեկութիւններ կը փոխանցէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան գործունէութեան մասին.
Նոր քաղաքապետութիւնը երկինքէն իջնող աստուածային բարիք մը եղաւ Պուրճ Համուտի ժողովուրդին գլխուն: Բնակչութիւնը շուտով զգալ սկսաւ հոգածու հօր մը ներկայութիւնը շրջանին մէջ:
Քաղաքապետութիւնը իր յարձակումներուն թիրախ դարձուց առաջին առթիւ առողջապահական պայմաններուն բարելաւման գործը: Յամառ աշխատանք թափեց ազատելու համար ժողովուրդը վատառողջ մթնոլորտ մը ապրելու տառապանքէն:
Ա.- Տուաւ Շրջանին Ըմպելի Ջուր
Ամէն մէկ պուրճ համուտցի անձկութեամբ հետեւեցաւ քաղաքապետութեան տարած անխոնջ պայքարին` շրջանը բախտաւորելու համար ըմպելի ջուրով: Մեծ ընդվզումով կ՛արտայայտուէր ժողովուրդը ջուրի ընկերութեան ցուցաբերած Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի բնակչութեան միջեւ խտրական ոգիին դէմ: Երկար ատեն պուրճ համուտցիք պիտի չմոռնան սարքուած յայտնի եւ անյայտ խաղերը, որպէսզի Պուրճ Համուտ մնայ իր նախկին ծանր, անմարսելի ջուրով, բայց նաեւ երբեք պիտի չմոռնան այն պայքարը, որ պետական հայ երեսփոխանններ Մովսէս Տէր Գալուստեան եւ Տիգրան Թոսպաթ եւ քաղաքապետութիւնը տարին իրենց ժողովուրդին համար եւ այսօր Պուրճ Համուտ ունի Պէյրութի հիանալի ջուրը, որուն բարիքները անուրանալի են:
Բ.- Կոյուղիները
Այստեղ հայր Պօղոս Արիս առանձին ոգեւորութեամբ արտայայտուեցաւ: Արդարեւ քաղաքապետութեան կատարած գործերուն մինչեւ այսօր գլխաւորագոյնը կարելի է նկատել կոյուղիներու շինութիւնը: Ով անցած է Պուրճ Համուտէն անձրեւոտ օդի մը օրերուն, իւրաքանչիւր 50 քայլին զարմանալի չէր որ չհանդիպէր մեծ ու փոքր ջուրի լճացումներու, ունկնդիր ըլլար մժեղներու կարաւաններու անցքին, ականատես ըլլար իրար հալածող առնէտներու, որոնցմէ կատուներն անգամ կը զգուշանային: Շնորհիւ քաղաքապետութեան, բայց մասնաւորաբար նախագահին եւ հայ երեսփոխաններ Մովսէս Տէր Գալուստեանի եւ Տիգրան Թոսպաթի ջանքերուն, Լիբանանի կառավարութիւնը ամենայն յօժարութեամբ տրամադրեց կէս միլիոն ոսկի փոխառութեան հիմունքով: Միայն երկու տարին բաւական եղաւ, որ հակառակ ներկայացող բազմաթիւ դժուարութիւններու, քաղաքապետութիւնը լարուած ճիգերու հետեւանքով յաջողի օժտել Պուրճ Համուտի ընդարձակ շրջանէ 60-էն 70 քմ երկարութեամբ կոյուղիի ցանցով մը: Բայց հոս չէր վերջանար, կոյուղիներու մաքրութիւնը ապահովելու համար կառուցուեցաւ 20 մեթր բարձրութեամբ ջուրի աւազան մը, որ իւրաքանչիւր կոյուղիի գիծի սկզբնաւորութեան հետ յարաբերութեան կապ ունէր, որտեղ հաստատուած են ինքնագործ սիֆոններ, որոնք 2 կամ երեք ժամը անգամ մը կոյուղիները կը մաքրեն: Այս սիֆոնները 300 լիթր ջուր մէկ անգամէն մղելու ուժը ունին: Կոյուղիներու ցանցը ուղղուած է Պուրճ Համուտի կեդրոնէն անցնող խոշոր ջրանցքին, որ իր կարգին կը բացուի ծովուն վրայ:
Միայն կոյուղիները պատճառ դարձան աղտոտութեանց մեծ մասին չքացման եւ հիմա առնէտները կ՛ամչնան փողոց ելլելու, մժեղները սնունդի պակասէ տառապելով հեռացած են ու ժողովուրդը երկար կեանք կը մաղթէ վարդապետին:
Գ.- Պուրճ Համուտի Ճամբաները
150.000 մեթր քառակուսի ճամբայ կուպրով ծածկուած է, յայտարարեց պարծանքով հայր Պօղոս Արիս: Գրեթէ բոլոր ճամբաները պլոքաժ եղած են Պուրճ համուտի մէջ ու փողոցները շքեղութիւն մը ստացած: Մեծամասնութեամբ ճամբաները օժտուած են մայթերով, որոնց երկարութիւնը հասած է մինչեւ 10 քմ-ի: Սպառիչ աշխատանք մը եղաւ նաեւ ճամբաներու շինութիւնը: Փողոցներու մաքրութեան վրայ կը հսկեն աղբահաւաքները ամենայն բծախնդրութեամբ, այնպէս որ ճանճերը յուսահատ լքեցին շրջանը ու հեռացան:
Դ.- Հայկական Հիւղաւանները Եւ Հայ Հարուստները
Մեր հանրային կարծիքը զբաղեցնող ամենահրատապ հարցն է հիւղաւաններու պարագան: Նմանապէս քաղաքապետութիւնը այս հարցը լուծելու պարտականութիւնը առաւելաբար իր ուսերուն վրայ ծանրանալը արդար տեսաւ եւ հայ երեսփոխաններու աջակցութեամբ կառավարութեան կէս միլիոն ոսկիի փոխառութեան դիմումները ապարդիւն չանցան:
Այս առթիւ կարելի չէ լռութեամբ անցնիլ այն գորովալի վերաբերումին վրայէն, որ ցոյց տուաւ հանրապետութեան նախագահ Քամիլ Շամուն, որ կոչ ուղղեց հայ հարուստներուն նիւթական զոհողութեանց յանձնառումով մեղմել տառապանքը իրենց արենակիցներուն: Այդ վսեմ կոչը անարձագանգ մնաց մեր հարուստներուն քով, որոնք ամէն բանի դրամ կը տրամադրեն, բայց երբեք օգտակար բանի, դիտել տուաւ դառնութեամբ յարգելի քաղաքապետը:
Պետութեան տրամադրած նիւթականով կարելի եղաւ գնել հողեր, որոնց վրայ կառուցուեցան արդիական յարմարութիւններով 77 տուն հաշուող շէնքեր, ուր պիտի փոխադրուին այն ընտանիքները, որոնց տուները անմիջական քանդումի որոշումին մէջ կ՛իյնան: Այս տուներուն բնակիչներուն ամէն տեսակ դիւրութիւններ կ՛ընծայուին, որպէսզի թեթեւ մասնավճարներով տասնհինգ տարուայ ընթացքին դառնան կալուածատէր:
Երկու Միլիոն` Հիւղաւաններու
Ամբողջական Փոխադրութեան Համար
Ռումբի մը ազդեցութիւնը ձգեց խորհրդարանի 2 միլիոն ոսկիի փոխատուութեան որոշումը, որ աներեւակայելի չափերու հասցուց մասնաւորաբար հիւղաբնակներու հրճուանքը: Համբաւաւոր են մեր հիւղաւանները, ճանչցուած քիչ մըն ալ նուաստացուցիչ քէմփ անուններով: Անոնք ընդամէնը կը հաշուեն 770 տուն, որ տարածուած են ծովէն ցած մակարդակով հողի մը վրայ: Ստոյգ գաղափար մը կազմելու համար հոն տիրող վատառողջ պայմաններու մասին, պէտք է ապրիլ այդ թաղերուն մէջ եւ ըմբոշխնել աննկարագրելի այն գարշահոտութիւնը, որ կ՛ապականէ օդը եւ որ լուացքի, խոհանոցի, անձրեւի ջուրերու խառնուրդէն գոյացող լճացումներու արդիւնքն է:
Կարելի չէ երեւակայել աւելի թշուառ վիճակ քան այդ ժողովուրդինը, որ 8 – 10 մ. քառ. տարածութեամբ տնակներու մէջ խճողուած, ձմեռը ցուրտէն իսկ ամառը տաքէն կը տառապի:
Նախախնամական դեր մը կատարեց խորհրդարանի որոշումը, որուն հետեւանքով կարելի պիտի ըլլար սկսիլ շինութիւններու յարմարագոյն վայրերու վրայ եւ ազատել ժողովուրդը տառապանքէն:
Ե.- Պուրճ Համուտի Գիշերապահները
Նուաստացուցիչ ըլլալու աստիճան չափազանցուած կարծիք մը տրուած էր Պուրճ Համուտի մէջ կատարուող գողութիւններուն մասին: Թէ գողութիւնները յաճախակի էին, չենք ջանար արդարացնել, սակայն այժմ գիշերները ցերեկներուն չափ ապահով են հոն, շնորհիւ գիշերապահներու աչալուրջ հսկողութեան: Արդարեւ մեծ թիւով գիշերապահներ հետամուտ են ուշ գիշերին անցորդներու երթեւեկին եւ հոս հայր Պօղոս Արիս հետեւեալ զուարճալի պատահարը պատմեց Պուրճ Համուտի բնակչութեան քով տիրող ապահովութեան մասին կարծիք մը տալու համար:
Գիշերուան ուշ ժամերէն մէկուն գիշերապահ մը, ձեռնապայուսակով անցորդ մը կասկածելի տեսնելով, կ՛առաջնորդէ պահակապետին քով: Պարզ քննութիւն մը երեւան կը հանէ ճամբորդին պայուսակին մէջ 15,000 լ. թղթոսկի: Պահակապետին հարցումին թէ` ինչպէ՜ս այսքան մեծ գումարով ուշ գիշերին կը շրջի, մարդը ինքնավստահութեամբ կը պատասխանէ. հոս Պուրճ Համուտ է:
Աշխարհի մէջ միակ վայրն է, ուր գողութիւն տեղի չունենար, յայտարարեց հայր Պօղոս Արիս գովասանքը ընելով իր պահակներուն:
Զ. Ոստիկանները
Իրենց պարտականութեան գիտակից տարրերէ բաղկացած է նաեւ Պուրճ Համուտի ոստիկանութիւնը: Շուկաներու կանոնաւորութիւնը իր անթերի վիճակին հասցնելու ճիգ չեն խնայեր անոնք: Ժողովուրդին բարքերը գէշ կերպով խաթարող սովորութիւններուն դէմ անխնայ պայքար բացած են: Կաշառակերութիւնը անհետացած է իր հիմէն:
Է.- Առողջապահական Պայմաններ
Առողջապահական ճիւղը առանձին սպասարկութիւն մըն է իր գործունէութեամբ քաղաքապետարանի հակակշռին ենթակայ:
Այս սպասարկութիւնը յանձնուած է տոքթ. Ա. Արսլանեանի, որ ամենայն բարեխղճութեամբ կը վարէ գործը: Առողջապահական վատթար պայմանները զգալապէս բարելաւուած են քաղաքապետութեան ստեղծումէն ի վեր: Տոքթ. Արսլանեանի հետ մասնաւոր տեսակցութիւն մը թոյլ տուաւ նկատել հետեւեալ մանրամասնութիւնները:
Սպասարկութիւնը ունի մասնաւոր գրասենեակ մը, որ առանձին ուշադրութեամբ կը հետեւի ժողովուրդին կողմէ եկած գանգատներուն եւ մանաւանդ գոհացում կու տայ անոր պահանջներուն: Տարին նուազագոյնը չորս անգամ բժշկական քննութենէ կ՛անցընէ շրջանին մօտաւորապէս հազարի հասնող արհեստաւորները: Գրասենեակը միշտ բաց է բնակչութեան առջեւ եւ իր առանձին հոգածութեան առարկան է անոր առողջութիւնը:
Տոքթ. Արսլանեան իր սպասարկութիւնը ճիւղաւորած է հետեւեալ ձեւով.
1.- Մաքրագործութեան խումբ
Այս խումբը բաղկացած է 60 աշխատունակ գործաւորներէ, որոնք ամբողջ շրջանին մաքրութեան ծանր աշխատանքը կը կատարեն: Աղբահաւաք երեք օթոներու վրայ ամէն օր թաղէ թաղ կը շրջին եւ փողոցներու եւ տուներու աղտերը կը հաւաքեն: Այս նոյն խումբն է որ նաեւ ամառ ատեն փողոցները կը ջրէ: Հակառակ քէմփերու գոյութեան, տարափոխիկ հիւանդութեանց մէկ պարագայ իսկ չներկայացաւ, շնորհիւ մաքրութեան համար թափուած անգնահատելի ճիգերուն:
2.- Հակամալարիայի խումբ
Մալարիայի թիւ մէկ թշնամին է այս խումբը, որ իրեն նպատակ ըրած է զայն անհետ հեռացնել շրջանէն: Ամառ թէ ձմեռ 7-10 հոգինոց խումբ մը անխնայ կը հալածէ այս ախտը ամէնուրեք, մինչեւ իսկ շրջանի սահմաններէն դուրս ելլելով: Անոնք կը հականեխեն լճացած ջուրի վայրերը, կը մաքրեն կոյուղիները եւ կը հսկեն անոնց լաւ գործելուն վրայ, իսկ 15 օրը անգամ մը Տէ. Տէ. Թէ. կամ զանազան հականեխիչ դեղեր կը սրսկեն տուները: Մալարիան խուճապահար հեռացած է եւ երկու, երեք տարիներէ ի վեր մալարիայի դէպք բնաւ չէ պատահած:
3.- Բժշկական քննութիւններ
Տոքթ. Արսլանեանի գլխաւորութեամբ այս խումբը անդադար կը շրջի մսավաճառներու, նպարավաճառներու, սափրիչներու խանութները եւ քննութենէ կ՛անցընէ անոնց վիճակը, թելադրանքներ կ՛ընէ ու շաբաթը անգամ մը անոնց մաքրութիւնը հաստատող վկայագրեր կը բաշխէ: Շնորհիւ այս խիստ հետապնդումին թունաւորումի մէկ պարագայ իսկ կարելի չէ յիշել ամբողջ շրջանին մէջ:
4.- Զանազան հաստատութիւններ
Քաղաքապետութեան կողքին իրենց անփոխարինելի աջակցութիւնը կը բերեն շրջանին առողջապահութեան, կարգ մը հաստատութիւններ. ինչպէս` Գարակէօզեան հաստատութիւնը Յովհաննէս Գազազեանի գլխաւորութեամբ, իր անվերապահ մասնակցութիւնը կը բերէ մալարիայի դէմ տարուած պայքարին: Հայ օգնութեան խաչը ժողովուրդին ցաւերուն բալասան կը հանդիսանայ իր բժշկական քննութիւններով եւ դեղերով: Կայ նաեւ Ֆաքիւլթէ տը Մետըսինի մէկ ճիւղը, որ իր գործօն մասնակցութիւնը կը բերէ վերոյիշեալ աշխատանքներուն:
Ե.- Սպանդանոցը
Արդիական սարքաւորումով օժտուած նոր շէնք մըն է սպանդանոցը: Փոքրիկ է, սակայն իր մաքրութեամբ ու կանոնաւորութեամբը տիպար կարելի է նկատել զայն եւ կը մրցի քաղաքի սպանդանոցին հետ: Ամբողջ Պուրճ Համուտի միսը կը հայթայթէ: Ենթակայ է տոքթ. Արսլանեանի անմիջական հսկողութեան: Վերջերս կառուցուած է նախկինին կողքին նոր փոքրիկ բաժին մը խոզեր մորթելու համար: Այնքան բծախնդրութեամբ կը կատարուին հոն քննութիւնները, որ թունաւորումի որեւէ դէպք չէ պատահած:
Հայր Պօղոս Արիս պատասխանեց նաեւ քանի մը հարցումներու:
– Որո՞նք են ձեր հետապնդած նոր ծրագիրները.
– Պուրճ Համուտի հիւսիսային շրջանի կոյուղիներուն ցանցին շինութիւնը ամբողջացնել: Սունկերու պէս նոր թաղեր կը բուսնին, այդ թաղերը օժտել մաքուր ճամբաներով: Բայց մանաւանդ շուտով իրագործել ժողովրդային տուներու շինութեան ծրագիրը:
– Պուրճ Համուտի բարեզարդման մասին ի՞նչ կը մտածէք:
– Պուրճ Համուտ քաղաքի բարեզարդման գործը մեծ դժուարութիւններու կը բախի: Այդ դժուարութիւններէն գլխաւորը հողի պակասն է եւ քաղաքին պողոտաներուն անկանոն ձեւով հիմնադրութիւնը:
– Հանրային պարտէզ մը եւ մարզարան մը որքա՞ն անհրաժեշտ կը նկատէք:
Աւելորդ է այս երկուքին անհրաժեշտութեանը վրայ շեշտել, սակայն այստեղ նաեւ կը կանգնին անյաղթահարելի արգելքներ, այսինքն հողի չգոյութիւնը: