Յակոբ Վարդիվառեան Այցելեց «Ազդակ»
Երէկ կէսօրին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց եւ տնօրէնութեան հետ տեսակցեցաւ «Տի Արմինիըն միրըր սփեքթէյթըր»-ի խմբագիր եւ հայկական լրատուամիջոցներու համակարգող խորհուրդի անդամ Յակոբ Վարդիվառեան:
Վարդիվառեան տնօրէնութեան հետ քննարկեց սփիւռքահայ մամուլի դիմագրաւած խնդիրները, տարուող աշխատանքները եւ յատկապէս հայ տպագիր մամուլի զարգացման համար անհրաժեշտ միջոցներու հետ կապուած հարցերը:
CATEGORIES Գաղութային