Հայ Դպրոցով Հպարտ Աշակերտներու Հետ Հանդիպում` «Ազդակ»-ի Մէջ

Վերամուտի սեմին հայ դպրոցին, հայեցի դաստիարակութեան, մայրենիին ու հայկական արժէքներուն մասին խօսելու նպատակով երէկ «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասրահին մէջ համախմբուեցան յառաջիկայ տարեշրջանին հայկական զանազան վարժարաններէ իրենց վկայականները առնելու պատրաստուող աշակերտներ:

Կլոր սեղան-զրոյցը ակնկալուածէն աւելի հետաքրքրական էր, հայ աշակերտներուն մէջ աւելի քան շօշափելի էր հայկական վարժարանին եւ հայութեան կառչածութիւնը, շեշտուած էր արժեւորումն ու հպարտութիւնը` հայ աշակերտ եւ հայկական վարժարանէ շրջանաւարտ ըլլալու: Աւելի յատկանշական էր նաեւ այն, որ յառաջիկային հայ հասարակական կեանքին մէջ իրենց տեղը ունենալու կոչուած այսօրուան աշակերտները իրենց պատասխանատուներէն կը պահանջեն աւելի շատ պահեր յատկացնել հայկական դասանիւթերուն, իսկ հայ ծնողներէն` գիտակից ըլլալ հայկական դպրոցին արժէքին, յատկապէս անոր գուրգուրանքին եւ դաստիարակութեան յանձնուած սերունդներուն արժէքին եւ կարեւորութեան:

Այս եւ այլ նիւթերու մասին մեր զրոյցին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք յառաջիկային:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )