Հալաթի Մէջ Սուրիացի Քաղաքացի Մը Կը Սպաննուի Ական Մը Պատրաստելու Ընթացքին

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Հալաթի մէջ երէկ սպաննուած է սուրիացի քաղաքացի մը` Մուսա Մուսթաֆա Իպրահիմ Ալի անունով:

Բանակի սակրաւորները ուղղուեցան դէպքին վայրը, ուր ի յայտ եկաւ, որ Ալի սպաննուած է ականի մը պատրաստութեան ընթացքին, իսկ ականին կշիռը սահմանուեցաւ 250 կրամ պայթուցիկ նիւթով:

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր ստուգեց պայթումին վայրը եւ հաստատեց վառօդի հոտին գոյութիւնը:

Ալիի դիակը փոխադրուեցաւ Պուարի կառավարական հիւանդանոց, ուր պիտի կատարուի դիազննութիւն` բացայայտելու համար մահուան պատճառները:

Բանակը խուզարկեց նաեւ դէպքին վայրին մօտակայքը գտնուող ինքնաշարժները, իսկ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը ձերբակալեց Ալիի կինն ու եղբայրը, որոնք կը բնակէին նոյն տան մէջ:

Աւելի ուշ, տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Ալիի կինը խոստովանած է, թէ իր ամուսինը կը գործէ սուրիական գաղտնի սպասարկութեան հաշուոյն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )