Շէյխ Նայիմ Հասան – Էօզեըլտըզ Հանդիպում

Տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող շարք մը հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին շէյխ Հասան շեշտեց, որ Թուրքիա իր բոլոր կարողութիւններով պէտք է օժանդակէ շրջանային տագնապին լուծման, յատկապէս Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու տունդարձին:

Շէյխ Հասան շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` արաբական արդար հարցերուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար:

Շէյխ Նայիմ Հասան վերահաստատեց իր դատապարտումը Պէյրութի մէջ երկու թուրք օդաչուներու առեւանգման քայլին եւ կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն իսկոյն լուծելու այդ թղթածրարը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )