Մուսթաքպալ Հոսանքի Պլոքի Ընթացիկ Նիստ

Նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին իրադարձութիւնները եւ յատկապէս ազգային երկխօսութեան վերսկսելու հեռանկարները:

Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մը մէջ հաստատուեցաւ, որ պլոքը կ՛ողջունէ միջլիբանանեան երկխօսութեան մը սկսելու նախաձեռնութիւնը եւ անհրաժեշտ կը նկատէ, որ երկխօսութեան ընթացքին քննարկուին Հըզպալլայի ապազինումն ու Սուրիայէն անոր զինեալներուն հեռացման ծրագիրը:

Մուսթաքպալ պլոքը հանրապետութեան նախագահէն եւ վարչապետ Թամմամ Սալամէն պահանջեց արագացնել երկրին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )