Միքաթի. «Լիբանանի Պատգամը Խաղաղութեան Եւ Սիրոյ Պատգամ Է»

Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթով` հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց խաղաղութեան ջահակիր` արուեստագէտ Կապրիել Ապտել Նուրը, ընկերակցութեամբ լիբանանեան բոլոր շրջաններէն երեխաներու, որոնք վարչապետարանին մուտքին լիբանանեան դրօշակը բարձրացուցին:

Այս առիթով վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի պատգամը մնայուն կերպով եղած է խաղաղութեան եւ սիրոյ պատգամ: Ան հաստատեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, օր մը օրանց այդ պատգամը չէ խախտած:

Միքաթի մաղթեց, որ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատուի, պատերազմները եւ սպանութիւնները կանգ առնեն, որպէսզի լիբանանցիք խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան մթնոլորտին մէջ ապրին:

Միքաթիի այցելեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի, որ Միքաթիի հետ քննարկեց 25 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք Լիբանանի օժանդակող երկիրներու խորհրդաժողովին նախապատրաստութիւնները:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միքաթիի այցելեց նաեւ արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի:

Քննարկուեցան արդարութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )