Զօր. Աուն. «Ինչո՞ւ Սուրիացի Գաղթականները Վարչապետարանը Չեն Վարձեր` Իրենց Վրանները Լարելու Համար»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ նախագահութեամբ երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Ռապիէի մէջ գումարեց իր հերթական նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ այսօրուան դրութեամբ գործող կառավարութիւն չկայ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը չի փափաքիր աշխատիլ, «եւ ունինք այն տպաւորութիւնը, որ ոմանք կ՛արգիլեն Լիբանանի կողմէ քարիւղի պեղումը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցին եւ դպրոցներուն մէջ անոնց առժամեայ կեցութեան կարելիութեան` զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ անոնք վարչապետարանը չեն վարձեր` իրենց վրանները լարելու համար:
Ակնարկելով Հըզպալլայի պատկանող հաղորդակցութեան ցանցի հարցին` զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ո՞վ շարունակած է երկրին իշխանութիւնը` առանց անջատելու այդ ցանցը:
«Ով որ այդ ցանցը անցեալին հաստատած է, այսօր մէջտեղ կու գայ բողոքելով անոր դէմ, եւ ես երկրին ժառանգած բոլոր հարցերը չեմ կրնար լուծել», շեշտեց ան: