Նախագահ Սլէյման Կոչ Ուղղեց Նախապայմաններուն Վերջ Տալու` Կազմել Կարենալու Համար Համախմբող Կառավարութիւն Մը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման յայտնեց, որ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը դարձած է անհրաժեշտ եւ կենսական` լիբանանցի քաղաքացիներուն կացութիւնը բարելաւելու, ինչպէս նաեւ անոնց կենցաղային հարցերը լուծելու համար:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ նոր կառավարութեան մը կազմութիւնը Լիբանանի շրջակայքը տիրող կացութիւնը պիտի չփոխէ, «հետեւաբար լիբանանցի պատասխանատուները պէտք է նկատի ունենան այս կացութիւնը եւ վերջ տան իրենց նախապայմաններուն, որպէսզի կարելի ըլլայ կազմել կառավարութիւն մը», շեշտեց նախագահ Սլէյման:
Ան հաստատեց նաեւ, որ անիկա պէտք է ըլլայ համախմբող կառավարութիւն մը, որպէսզի լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը անոր ընդմէջէն կարենան ստանձնել իրենց ազգային պատասխանատուութիւնները եւ ամրապնդել երկրին ապահովական ու քաղաքական կայունութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա: Քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի կացութիւնը եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն ու լիբանանեան բանակին միջեւ գործակցութիւնը` պահպանելու համար խաղաղութիւնը եւ գործադրելու համար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:


