Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Երեսփոխանական Պլոքի Պատուիրակութիւնը Շարունակեց Իր Այցելութիւնները

Ժեմայէլ` Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Միշել Մուսա եւ Եասին Ժապեր, այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի:

Հանդիպումին մթնոլորտը եղաւ դրական: Հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք համաձայն է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` երկխօսութիւն կատարելու իմաստով, «որովհետեւ ինչ ալ ըլլան պայմանները, երկխօսութիւնը պոյքոթի դիմելէն շատ աւելի լաւ է», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Ռաատ ողջունեց առաջադրուած նախաձեռնութիւնը եւ զայն նկատեց յարմար լուծում մը, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը իրարու մօտ կը բերէ` պատասխանատուութեամբ քննարկելու երկրին հարցերը, լուծելու քաղաքացիներուն դիմագրաւած կենցաղային խնդիրները, ինչպէս նաեւ վերջ մը կը դնէ Լիբանանի ներքին հարցերուն մէջ օտար միջամտութիւններուն:

Այնուհետեւ Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Պիքֆայա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ` ներկայութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխաններուն:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ ողջունեց նախաձեռնութիւնը, որուն նպատակն է լիբանանցիները մէկ սեղանի շուրջ համախմբել:

Ժեմայէլ հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ գժտութիւնը եւ երկրին դիմագրաւած հարցերը կարելի է լուծել միայն երկխօսութեան եւ հանդիպումներուն ընդմէջէն:

Սամի Ժեմայէլ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութիւնը պէտք է համադրուի նաեւ հանրապետութեան նախագահին առաջադրանքներուն հետ եւ ճշդուի երկխօսութեան հաւասարակշռուած օրակարգ մը, որ պատշաճ է բոլորին:

Սամի Ժեմայէլ ընդգծեց, որ «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ը երկխօսութեան հիմնական մուտքը կը նկատուի:

Մեհրապի մէջ, Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան երեսփոխաններ Անթուան Զահրա եւ Ֆատի Քարամ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )