Ժերար Գաֆեսճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց
Երէկ իր մահկանացուն կնքեց ամերիկահայ 88-ամեայ յայտնի գործարար եւ բարերար Ժերար Գաֆեսճեանը: Գաֆեսճեանի մահուան գուժը «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հաղորդեց «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնը:
Ժերար Գաֆեսճեան Գաֆեսճեան ընտանիքի հիմնադրամի, «Գաֆեսճեան» թանգարանի հիմնադրամի եւ «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնի հիմնադիրն է:
Գաֆեսճեան ընտանիքի հիմնադրամին միջոցով յայտնի բարերարը միլիոնաւոր տոլարներ նուիրած է Հայաստանին` շարք մը ծրագիրներու իրականացման համար, մասնաւորաբար` հիմնանորոգած է Երեւանի Քասքատ համալիրը, ուր կը գործէ «Գաֆեսճեան» արուեստի կեդրոնը:
CATEGORIES Հայկական


