Մոսկուայի Մէջ. Հանդիսաւոր Օծում` Հայոց Առաջնորդանիստ Ս. Պայծառակերպութեան Եկեղեցւոյ

Ռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ երէկ օծումը կատարուեցաւ Մոսկուայի Հայոց առաջնորդանիստ Ս. Պայծառակերպութեան եկեղեցիին եւ բացումը կատարուեցաւ եկեղեցական համալիրին:

Մայր տաճարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ եւ իր օրհնութիւնը տուաւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքը:

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Ռուսիոյ պետական եւ հասարակական գործիչներ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Հայաստանի եւ արտերկրի մեծագոյն թեմերու առաջնորդներ, Ռուսիոյ կրօնական յարանուանութիւններու առաջնորդներ, ներկայացուցիչներ եւ բարերարներ:

Մոսկուայի կեդրոնին մէջ ազգային ճարտարապետական կանոններուն հաւատարիմ կառուցուած հայկական եկեղեցական համալիրը, որուն շինարարական աշխատանքները սկսած էին տակաւին 2006 թուականէն, կ՛ընդգրկէ Մայր տաճարը, Ս. Խաչ եկեղեցին, առաջնորդարանի շէնքը, կրթամշակութային, վարչական եւ պանդոկային մասնաշէնքերը, հանդիսութիւններու եւ հիւրասիրութիւններու սրահներն ու թանգարանը:

Եկեղեցական համալիրը կառուցուած է բաց ծիրանագոյն, իսկ Մայր տաճարը` հայոց պատմական մայրաքաղաք Անիին յարակից քարահանքներէն բերուած վարդագոյն տուֆով եւ գոտեւորուած է խաչերով, զարդաքանդակներով եւ մեսրոպատառ գիրերով: Համալիրը իր ամբողջ տեսքով եւ հարթաքանդակներով մոսկուացիներուն եւ Ռուսիոյ մայրաքաղաքի հիւրերուն կը պատմէ հայ ժողովուրդի մասին, կը ներկայացնէ հայոց պատմութեան դարակազմիկ էջերը:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Մայր տաճարի օծման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք Սերժ Սարգսեան կազմակերպիչներուն, բարերարներուն եւ հիւրերուն հետ միասին եկեղեցւոյ վարչական շէնքի նախասրահին մէջ դիտեց «Հայերը Մոսկուայի մէջ. պատմական ուղին» ցուցահանդէսը, զոր կազմակերպած էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի թեմը, Հայաստանի ազգային արխիւը, Ռուսիոյ արխիւի դաշնակցային գործակալութիւնը, Մոսկուայի արխիւի գլխաւոր վարչութիւնը եւ Մոսկուայի կեդրոնական պետական արխիւը:

Հայաստանի նախագահը այցելեց նաեւ համալիրի կրթամշակութային եւ պանդոկային մասնաշէնքերը, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ ներկայ գտնուեցաւ հայ եւ ռուս ժողովուրդներու բարեկամութիւնը խորհրդանշող «Սիրոյ եւ եղբայրութեան» յուշաղբիւրի բացման արարողութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )