Տինքի Հարցով Նոր Դատավարութեան Ընթացքին. Դատարանը Թունչելի Դէմ Ձերբակալման Գիր Կը Հրապարակէ
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէկ դատարանը երէկ ձերբակալման գիր հրապարակած է Էրհան Թունչելի դէմ, որ 2007-ին Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով բոլոր ամբաստանութիւններէն անպարտ հռչակուած էր:
Վերադատ բարձրագոյն ատեանին կողմէ Պոլսոյ դատարանի առաջին վճիռին բեկանումէն ետք, Պոլսոյ Քրէական բարձրագոյն 14-րդ դատարանը երէկ սկսաւ Տինքի հարցով դատը վերատեսութեան ենթարկել:
Թունչել Տրապիզոնի ոստիկանութեան բաժանմունքին մօտ իբրեւ լրտես կ՛աշխատէր եւ 2004-ին Տրապիզոնի մէջ Մաքտոնալտզի ականահարումի հարցով 10 տարի բանտարկութեան դատապարտուած էր, սակայն Տինքի հարցով անպարտ հռչակուած էր բոլոր ամբաստանութիւններէն, ներառեալ` դատախազի այն պնդումէն, թէ ինք էր, որ Եասին Հայալին հրամայած էր սպաննել Հրանդ Տինքը:
Տինքի ընտանիքը երեքշաբթի օր մամուլին յղուած գրաւոր յայտարարութեան մը մէջ յայտնեց, որ այսուհետեւ նիստերուն պիտի չմասնակցի` «պետական մեքանիզմներուն կողմէ խաղցուած խաղերուն» մասնակից չըլլալու համար: