Սապիրօղլու. «Ազրպէյճան Արձակազէնները Պիտի Չհեռացնէ, Այնքան Ատեն Որ Պատերազմը Չէ Աւարտած»

Էլտար Սապիրօղլու

Ազրպէյճանի բանակի բարձրաստիճան սպաներէն, երեսփոխաններէն, հանրութեան ու մտաւորականութեան ներկայացուցիչներէն կազմուած պատուիրակութիւնը երէկ այցելած է շփման գիծին մօտ եղող զօրամասերէն մէկը:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլտար Սապիրօղլու այնտեղ մամլոյ ասուլիս տուած է:

Անդրադառնալով սահմանին վրայ արձանագրուող միջադէպերուն, որոնց պատճառով ազրպէյճանցի զինուորներ կը սպաննուին, զինուորականը պնդած է, որ Հայաստանը «երկու անգամ աւելի զոհեր տուած է»:

Ան անդրադարձած է նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու պահանջին` շփման գիծէն արձակազէնները հեռացնելու վերաբերեալ:

«Ազրպէյճանական պետութիւնը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրաժարած են ատիկա ընելէ: Մենք պիտի չհեռացնենք արձակազէնները, այնքան ատեն, որ պատերազմը չէ աւարտած», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )