Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Հսկեցէք ձեր ընդհանուր վիճակին, ան ըլլայ առողջական կամ տնային, այլ հարցեր: Արթուն եւ զգուշ եղէք, որպէսզի բարդութիւններու դէմ յանդիման յանդիման դէմ չգտնուիք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ծրագիր մը ձեւ կ՛առնէ, միւս կողմէ հեռաձայնային կապ մը պիտի ունենաք: Պիտի արժանանաք շրջապատին ուշադրութեան: Լաւատեսութեամբ զինուեցէ՛ք, դրական ներուժը ձեզ կը շրջապատէ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Առանց մասնաւոր պատճառի, ջղային պիտի ըլլաք: Հանդարտ միջավայր մը գտէք: Փորձեցէք ձեր ջղայնութեան զոհը չդարձնել մարդիկ, որոնք կապ չունին ձեր վիճակին մէջ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պիտի ըլլաք աշխուժ եւ գործնական: Ձեր յարաբերութիւնները պիտի սերտանան, ունիք ապահով արդիւնք եւ շահ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ունիք նիւթական հարցեր: Ուշադիր եղէք զանոնք դասաւորելու մանաւանդ եթէ շատ մսխած էք: Աւելի լաւ է հարցը լուծել յաւելեալ բարդացումէ առաջ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր կարգ մը հարցեր, զորս պիտի չկարենաք ձեր ուզածին պէս կարգադրել համբերեցէք, մինչեւ որ ձախորդութիւնը անցնի:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Քանի մը օր յաջորդաբար ունիք գործեր, որոնք պիտի յոգնեցնեն ձեզ համբերատար եղէք: Համբերութիւնը կեանք է:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Օրը բախտաբեր է: Ունիք սիրալիր հանդիպումներ, որոնցմով պիտի երջանկանաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր մասնագիտական եւ ընտանեկան հարցերը կարգադրելը դժուար պիտի ըլլայ: Ձեզմէ կը պահանջուի ըլլալ իրատես: Քիչ մը ճիգով պիտի յաջողիք, ատակ էք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր տեղն ու դիրքը գտած էք: Ձեր լաւ վերաբերումով պիտի ուրախացնէք ձեր շրջապատը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Քննեցէք ձեր եկամուտը եւ մտածեցէք աւելի յարմար եւ նպաստաւոր լուծման կամ ելքի մը մասին:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ամէն ուղղութեամբ վազելու հակում ունիք: Այսպիսով կրնաք ունենալ սխալներ, զորս  չէք կրնար շուտով դարմանել: Մէկ ձեռքով շատ մը ձմերուկներ կարելի չէ շալկել:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )