Համպուրկի Մարզիչին Պաշտօնը` Վտանգուած
Ինչպէս սովորութիւն դարձած է, երբ ֆութպոլի խումբ մը լաւ արդիւնքներ չկարենայ արձանագրել, անոր գլխաւոր յանցաւորը կը նկատուի այդ կազմին մարզիչը:
Նախորդ շաբաթավերջին «Պունտըսլիկա»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Պորուսիա Տորթմունտէն Համպուրկի կրած 6-2 արդիւնքով ծանր պարտութիւնը հաշտ աչքով չդիտուեցաւ ակումբին պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք կը մտադրեն պաշտօնանկ ընել մարզիչ Թորսթըն Ֆինքը:
Իր լուրը քաղելով գերմանական «Պիլտ» պարբերաթերթէն` ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ շուտով ակումբը պիտի տայ որոշում մը` Ֆինքի ճակատագիրին մասին:
Իր կատարած հինգ մրցումներուն Համպուրկ կրեց 3 պարտութիւն, արձանագրեց 1 հաւասարութիւն եւ 1 յաղթանակ:
Գերմանական մամուլին համաձայն, այժմ կը գտնուին երկու թեկնածուներ, որոնք կրնան յաջորդել Ֆինքի, որ 2011-էն ի վեր ակումբին մարզիչն է:
Այդ երկուքն են` Մարքուս Պապըլ եւ Քայզըրսլաութըրնի նախկին մարզիչ Ֆրանքօ Ֆոտա:

