ՖԻՖԱ-ի Նախագահի Պաշտօնին Գծով`. Փլաթինի Որոշում Պիտի Տայ 2014-ի Մոնտիալին Ընթացքին Կամ Անկէ Ետք

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆրանսացի նախագահ Միշել Փլաթինի իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին յայտնեց, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահի պաշտօնին գծով որոշում պիտի տայ 2014-ի Մոնտիալին ընթացքին կամ անկէ ետք:

«Ցարդ չեմ որոշած, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան ապագային գծով առնելիք քայլերս: Յաւելեալ քանի մը ամսուան եւս կարիք ունիմ մտածելու համար: 2014-ի Մոնտիալին ազդանշանը չտրուած ոչ մէկ որոշում պիտի տամ», ըսաւ Փլաթինի:

ՖԻՖԱ-ի այժմու նախագահին` 77 տարեկան զուիցերիացի Սեփ Պլեթըրի պաշտօնավարութիւնը կ՛երկարի մինչեւ 2015: Շատերու համաձայն, Փլաթինի կը նկատուի անոր արժանաւոր յաջորդը:

«Ռոյթըրզ» կ՛եզրափակէ նշելով, որ Փլաթինի այս յայտարարութիւնը կատարած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի անդամներուն` Տիւպրովնիքի մէջ, ուր այս շաբաթ տեղի պիտի ունենայ անոր յանձնախումբին կարեւոր մէկ ժողովը:

 

Share this Article
CATEGORIES