Անչելոթթի. «Փարիզ Սեն Ժերմենի Պատասխանատուները Ինծի Չվստահեցան»
Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի երէկ ֆրանսական «լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթին հետ իր կատարած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ինք Փարիզ Սեն Ժերմենը լքեց, որովհետեւ ակումբին պատասխանատուները իրեն չվստահեցան:
Հակառակ անոր որ իտալացին իր ակումբին հետ տիրացաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան տիտղոսին, սակայն զարմանալիօրէն անոր եւ ակումբին պատասխանատուներուն միջեւ կապը հետզհետէ գնաց դէպի վատ, մինչեւ որ ան որոշում տուաւ միանալու Ռէալ Մատրիտի:
«Առաջին վեց ամիսները լաւ էին: Սակայն յաջորդող տարին հասկցայ, որ ակումբին պատասխանատուները փոխած են իրենց տեսակէտը: Անոնք ծրագիր մը չէին ուզեր այլեւս, այլ պարզապէս գաղափար մը` անմիջապէս արդիւնքներ արձանագրելու համար», ըսաւ Անչելոթթի:
CATEGORIES Մարզական

