ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ ՊԻՏԻ ՁԳՁԳՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԿԵՐՏԻՉՆԵՐՈՒՆ ԼԻԱՐԺԷՔ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԸ
ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ ՄԵՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐԻ ՀԵՐՈՍԸ ՉԻ
… Արամի անունը կրող փողոցի վրայ, աւերակների վերածուած շէնքերից մէկի պատին, ուր կատուների ու շների հարեւանութեամբ իրենց վերջին օրերն են անցկացնում մի քանի անօթեւաններ, ցուցանակ է փակցուած` այդ տանը ապրել է Արամ Մանուկեանը: Մեկնաբանութիւններն աւելորդ են: Մնում է հարց տալ` ո՞ւմ է ծառայում այս պետութիւնը, ի՞նչ ազդակներ ենք հաղորդում երկու ճակատով թշնամու շնչառութիւնը շարունակ իր թիկունքում զգացող հայ հասարակութեանը: Յետոյ էլ զարմանում ենք, որ 10-րդ դասարանցու երազանքն «ախրաննիկ» դառնալն է, իսկ երիտասարդութեան 70 տոկոսը, ով մտածել գիտէ ու անհանգիստ է իր հեռանկարով, իր ապագան տեսնում է Հայաստանի սահմաններից դուրս: Ու քանի դեռ այս արժէքներով ենք ապրում, հեռուստատեսութիւնների համար չափորոշիչներ սահմանելով` երկրի բովանդակութիւնը չես փոխի: Խնդիրը շատ աւելի խորքային է, ու քանի որ պատմութիւնն այդպէս էլ դաս չի դառնում մեզ համար, մեր նահանջներն ու ներքին պարտութիւններն անխուսափելի են:
ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
ՀՀ ԱԺ ՀՅԴ
խմբակցութեան անդամ
23 փետրուար 2010
Աւելի քան քսան տարի է, որ ամէն մայիս 28-ի առիթով, նոյնինքն հայրենի իր հողին վրայ, մեր ժողովուրդը նորովի յոյսերով կը սպասէ Հայաստանի անկախութեան տօնին ամբողջական եւ լիարժէք գնահատումին` յատկապէս պետական ու պաշտօնական ճանաչումի ակնկալիքով:
Ճիշդ է, որ քսան ու աւելի տարիներէ ի վեր, ամէն մայիս 28-ի տարեդարձին, Հայաստանի պետական իշխանութեանց բարձրագոյն բեմէն պաշտօնապէս քայլ մը եւս յառաջ կը նետուի` Հայաստանի անկախութեան եւ անոր կերտիչներուն ամբողջական արժեւորումը կատարելու ուղղութեամբ, խորհրդային դարաշրջանին յատուկ ամօթալի ուրացման վերջ տալու անվիճելի հաստատակամութեամբ:
Բայց նոյնպէս ճիշդ է, որ սեփական պատմութեան լիարժէք այդ վերարժեւորումը ամէն անգամ ալ կիսատ կը մնայ: Եւ ահա՛, քսան ու աւելի տարի է, որ հայոց նորագոյն պատմութեան անկիւնաքարին` մայիս 28-ի արժեւորման ճիգը, շարունակ, չի յաջողիր մասնակի գնահատականներէ անդին անցնիլ:
Փաստօրէն թէ՛ Հայաստանի անկախութեան նուաճումին, թէ՛ անոր կերտիչներուն պատմակշիռ դերակատարութեան արժեւորումը կը մերձենայ, բայց ամէն մայիս 28-ի տարեդարձին դարձեալ չի հասնիր… ամբողջական ու լիարժէք արժեւորման:
Հետեւանքը ծանօթ եւ հետզհետէ շեշտուող միեւնոյն յուսախաբութիւնն է, որովհետեւ մէկ կողմէ ազգովին վկան կը դառնանք մայիս 28-ի նշանակութեան եւ արժէքին հաստատագրումը կատարելու ՀՀ իշխանութեանց անկեղծ ցանկութեան, իսկ միւս կողմէ` դարձեալ անբաւարարութեան զգացումը կու գայ պաղ ջուր թափելու մայիս 28-ի լիարժէք գնահատականին արժանանալու համազգային մեր ոգեւորութեան եւ արդար սպասումին վրայ:
Կարծէք խորհրդային ամօթալի ուրացումէն ձերբազատուեցանք, որպէսզի… իյնանք մայիս 28-ի նորօրեայ` խղճալի թերագնահատման ոլորապտոյտին մէջ:
Խորքին մէջ մայիս 28-ի յիսնամեակէն ասդին ազգովին դէմ յանդիման կը կանգնինք միեւնոյն մասնակի, ամբողջական ճշմարտութենէն խուսափող վերարժեւորումին` թերագնահատումի՛ն:
43 տարի առաջ ալ, երբ տակաւին խորհրդային լուծի տակ գտնուող պետական Երեւանը իր առաջին պաշտօնական քայլը կը նետէր մայիս 28-ի ուրացումը վերանայման ենթարկելու ուղղութեամբ, դարձեալ մասնակի վերարժեւորման վարքագիծ կը դրսեւորուէր: Մայիս 28-ի անկախութեան փոխարէն, եւ` որոշապէս անոր հակադրաբար, կը պանծացուէր մայիս 25-ի Սարդարապատի հերոսամարտին յաղթանակը: Արամներու պատմակշիռ ու հիմնարար, ղեկավա՛ր դերակատարութեան փոխարէն, եւ դարձեալ ատոր հակադրաբար, կը մեծարուէր տարերային ու զանգուածային ծառացումը հայ ժողովուրդին:
Ժամանակները դեռ հասունցած չէին, տակաւին Պաղ պատերազմի դարաշրջան էր, բայց հայրենի հայութիւնը ծանրագոյն լուծի կապանքները սկսած էր աստիճանաբար թօթափել, եւ մայիս 28-ի ուրացման այդքան մասնակի վերանայումն անգամ յուսադրիչ էր գալիքի հաշուոյն:
Մայիս 28-ի վերարժեւորման խորհրդահայ վերջին քայլը նետուեցաւ 1989-ի մայիսի վերջերուն, երբ 1988-ին թափ առած արցախեան համաժողովրդային շարժման ճնշումին տակ պաշտօնական Երեւանը թէեւ ոչ պետական, այսուհանդերձ ազգային տօն հռչակեց մայիս 28-ը:
23 օգոստոս 1990-ին էր միայն, Հայաստանի անկախութեան հռչակագրի ընդունման օրերուն, որ ազգովին ապրեցանք հայոց պատմութեան աստեղային ժամերէն մէկը` մայիս 28-ի լիարժէք վերարժեւորման պաշտօնական կոչերու շեփորումով:
Որքան ալ դարձակէտային էր Հայաստանի անկախութեան հռչակման 1990-ի լուսաւոր այդ պահը, դարձեալ բաւարար մեկնակէտ չեղաւ մայիս 28-ի ամբողջական եւ լիարժէք գնահատականին համար: Որովհետեւ խորհրդային ժամանակաշրջանի «քաղաքական իրականութեան» եւ «գաղափարական ժառանգութեան» համապատասխան, այսինքն` մեր վերմակին համաձայն մեր ոտքերը երկարելու «պետական մտածողութիւն» մը, հակադաշնակցական անհիմն կիրքով մը, իր ներքին կաշկանդումները պարտադրեց վերազարթնող ազգի եւ հայրենիքի յառաջապահ ղեկավարութեան:
Եւ ահա քսան տարի է, որ Հայաստանի վերանկախացման 21 սեպտեմբեր 1991-ի հանրաքուէէն ասդին, ամէն մայիս 28-ի, մեր ժողովուրդին պաշտօնապէս կը հրամցուի միեւնոյն… մասնակի ճշմարտութիւնը: Մայիս 28-ի ամէն տարեդարձի, անշուշտ, ՀՀ իշխանութիւնները քայլ մը աւելի կը մօտենան ամբողջական ճշմարտութեան հաստատագրումին: Բայց այդպէս ալ չեն նետեր վճռական քայլը եւ չեն փորձեր անհրաժեշտ ու անխուսափելի սրբագրութեան ենթարկել մայիս 28-ի անկախութեան տօնը… կամայականօրէն «Հանրապետութեան օր» հռչակելու օրէնսդրական թերագնահատումը:
Ողջունելի է բնականաբար, որ նոյնինքն Հայաստանի նախագահը մայիս 28-ի այս տարուան իր ուղերձին մէջ արագօրէն սրբագրութեան ենթարկեց օրեր առաջ ռուսական մամուլին տուած իր հարցազրոյցին այն անհեթեթ «գնահատական»ը, թէ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան երկուքուկէս տարիները սոսկ ակնթարթ մըն էին, եւ թէ, յարաբերաբար, խորհրդային ժամանակաշրջանը «հիմք»ը եղաւ Հայաստանի ու հայութեան վերապրումին…
Անշուշտ հպարտութիւնը կը համակէ բոլորս, երբ նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինքնասրբագրման արի քայլով մը, հետեւեալը կը յայտարարէ իր այս տարուան ուղերձով.
«Մայիսի 28-ով հայ ժողովուրդը որդեգրում էր արժէքային նոր համակարգ` անկախութիւն եւ ժողովրդավարութիւն: Եթէ ներկայիս Հայաստանը ժառանգորդն է առաջին հանրապետութեան (իսկ դա այդպէս է), ապա առաջին հերթին ժառանգորդն է այդ արժէքային համակարգին»:
Բայց նոյնիսկ այս աստիճան դէպի յառաջ քայլ նետող ՀՀ նախագահը մայիս 28-ի իր ուղերձին մէջ անհասկնալի պատճառներով ի վիճակի չէ ընդառաջելու համազգային սպասումին եւ արժանին մատուցելու արամներու սերունդին, որուն ազգային-քաղաքական կամքին, մարտունակութեան եւ անձնուիրումին շնորհիւ մեր ժողովուրդը, 1918-ին միասնաբար ոտքի կանգնեցաւ եւ մայիս 28-ի հրաշազօր յաղթանակը նուաճեց` հայոց պատմութեան նոր ժամանակներու աներեր Վէմը հաստատելով:
Բուն հարցը ներքին այդ գաղափարական կաշկանդումն է, որ ահա քսան տարիներէ ի վեր թոյլ չի տար, որ հայրենի քաղաքական բեմին վրայ յայտնուած նորանուն ուժերը կարենան յաղթահարել արամներն ու ընդհանրապէս մայիս 28-ին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը թերագնահատելու… խղճալի փորձութիւնը:
Կասկածէ վեր է, որ Արամի տարողութեամբ ազգային արժէքին նկատմամբ մեր ժողովուրդին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը միայն պաշտամունք կը տածէ, իսկ գձուձ վերապահութիւններ ունեցող արհամարհելի փոքրամասնութիւնը արդէն դատապարտուած է պատմութեան կողմէ:
Բայց հարցը յայտնապէս կը կայանայ Արամն ու անոր ղեկավարութեամբ կերտուած Հայաստանի անկախութիւնն ու ազգային պետականութիւնը Դաշնակցութենէն անջատելու, նոյնիսկ Դաշնակցութեան հակադրելու ինչ-որ «պարտաւորութեան» մէջ:
Փաստօրէն միեւնոյն այդ «պարտաւորութեան» տակ է, որ վերջին տարիներուն, Նժդեհի անձին, մտածողութեան, գործին եւ արժէքին գնահատման նուիրուած ՀՀ պաշտօնական քարոզչութիւնը, հետեւողականօրէն, ամէն աղբիւրէ ջուր կը բերէ` իբր թէ ապացուցելու համար, թէ Նժդեհ Զանգեզուրը փրկեց անկախաբար Հայաստանի Հանրապետութեան դաշնակցական ղեկավարութենէն, մինչեւ իսկ հակադրաբար… դաշնակցական իր ընկերներուն:
Եւ եթէ Նժդեհի պարագային այդ փորձը որոշակի դժուարութեանց կը բախի, որովհետեւ Նժդեհի դաշնակցականութիւնը ինքնին դպրոց մըն է, Արամի պարագային ոչ միայն ընդհանրապէս դժուար է նման քարոզչութիւնը, այլեւ ծիծաղելի ըլլալու աստիճան անհեթեթ է ու խղճալի:
Տարբեր բացատրութիւն կարելի չէ տալ նաեւ ժողովրդային մտայնութեան մակարդակին պարբերաբար դրսեւորուող անգիտութեան` արամներու եւ մայիս 28-ի արժէքին նկատմամբ:
Ինչպէս որ ՀՀ Ազգային ժողովի երեսփոխան եւ ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Լիլիթ Գալստեան ընդվզումով կը վկայէ, թէ վերջին քսանամեակին կազմաւորուած հայոց սերունդին մէջ անգամ կը գտնուին հայորդիներ, որոնք Արամ Մանուկեանի նկատմամբ իրենց անտարբերութիւնը եւ թերագնահատումը չեն վարանիր արդարացնելու այն տգիտութեամբ, թէ` «Ի՞նչ են տուել, որ ի՛նչ անենք»… իրենց համար: Չէ՞ որ սեփական պատմութեան անծանօթ կամ հետեւողական չարափախումներով ապատեղեկացուած հայորդիներ հասած են այսօր, որոնց աչքին` «Արամ Մանուկեանը մեր ժամանակների հերոսը չի»…
Եւ պատահական չէ, որ Արթուր Բախտամեանի որակով հայրենի հրապարակախօս-մտաւորականն անգամ, մայիս 31-ին, Հ1-ով հեռարձակուած եւ Արամին նուիրուած բազմաձայն քննարկման իր հաղորդումը կը սկսէր յարձակողական այն պնդումով, թէ իբր Արամը այն գործիչներէն էր, որ համաձայն չէր եղած… Դաշնակցութեան վարած քաղաքականութեան: Օրինակ ալ կու տար. Արամ սխալ կը գտնէր Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ընթացքին որդեգրուած ֆետայական կռիւներու մարտավարութիւնը եւ կը նախընտրէր համաժողովրդային ապստամբութեան եղանակը:
Տրուած օրինակը ինքնին բարացուցական է: Կը հաստատէ, թէ ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժման եւ, որոշապէս, Դաշնակցութեան ղեկավար դերակատարութեան մասին ինչպիսի՛ թիւր պատկերացումներ եւ մօտեցումներ տակաւին կը յամենան, որոնք հետեւանք են խորհրդայիններէն «ժառանգ» մնացած պատմաքաղաքական խեղաթիւրումներուն:
Նախ տրուած օրինակը եւ մեր ազատագրական շարժման յարմարագոյն մարտավարութեան վերաբերեալ երկընտրանքը բեւեռացուած էր հաւասարապէս Դաշնակցութեան մօտեցումը ներկայացնող Անդրանիկի եւ Հրայր Դժոխքի միջեւ: Իսկ Արամի մօտեցումը պարզապէս կը համընկնէր Հրայր Դժոխքի ուղղութեան հետ, որ ի վերջոյ եղաւ Դաշնակցութեան ընտրած մօտեցումը, եթէ պատմական ճշմարտութիւնը գիտնալու հարկը կայ:
Աւելի քան քսան տարի առաջ ալ, Ռաֆայէլ Իշխանեանի տարողութեամբ արցախեան շարժման ղեկավար գործիչը հրապարակաւ նմանօրինակ փորձութեան կը մատնուէր, երբ Արամի նուիրուած իր մենագրութեան մէջ իբրեւ «թրքամէտ դաշնակցական» կը ներկայացնէր ու կը գնահատէր… թրքական բռնատիրութեան դէմ անհաշտ կռիւ յայտարարած Արամը:
Բայց Ցաւը չի կայանար նմանօրինակ մասնակի թիւրիմացութեանց կամ խեղաթիւրումներու մէջ:
Ոչ ալ մասնայատուկ է հայ քաղաքական մտքի այս կամ այն թեւին ու հոսանքին:
Ցաւը խոր արմատներ ունի խորհրդային «ժառանգութեան» մէջ` հաւասարապէս ե՛ւ հայրենական, ե՛ւ սփիւռքեան 70-ամեայ իր դրսեւորումներով:
Եւ այնքան ատեն որ հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ յառաջապահները դեռ չեն կրցած մաքրուիլ խորհրդային «կեղտաջուրերէն», իրաւացի է ընդվզումը Արամի նուիրուած Հ1-ի վերոյիշեալ հաղորդումին մասնակիցներէն այն հայուհիին, որ բառացիօրէն մեղադրեց Հայաստանի Բ. Հանրապետութիւնը` առաջին հանրապետութեան եւ անոր հիմնադիրներուն նկատմամբ իր որդեգրած անտեսումի եւ արժեզրկումի կեցուածքին համար:
Իրականութիւնը այդ աստիճան սեւ ու յուսահատական չէ անշուշտ: Ամէն մայիս 28-ի յաւելեալ քայլ մը կը նետուի դէպի ամբողջական եւ լիարժէք գնահատումը Հայաստանի անկախութեան նուաճումին ու անոր կերտիչներու գաղափարական աւանդին:
Կը մնայ, որ խորհրդային ժամանակաշրջանի ամօթալի ուրացումը տակաւ յաղթահարող հայ քաղաքական միտքը, յատկապէս` արցախեան շարժման ալիքով ղեկավար դերակատարութեան կոչուած իր թեւերով, գտնէ իր մէջ անհրաժեշտ կամքն ու գաղափարական ուժը, որպէսզի ի վերջոյ կարենայ փակել նաեւ անհեռանկար, այլեւ խղճալի թերագնահատման այս քսանամեայ փուլը:
Եւ բաւարար ազդանշաններ կան, որպէսզի ազգովին յաղթական դուրս գանք նաեւ այս փուլէն` մայիս 28-ի անկախութեան եւ անոր կերտիչներուն ամբողջական եւ լիարժէք գնահատականը պետականօրէն ամրագրելով:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ