«Բագին». Լեռ Կամսարի «Սաստիկ Կոմունիստներ» Գիրքի Ներկայացում
Երէկ` չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ Սմբատ Ղազելեան հետաքրքրական ոճով ներկայացուց երգիծագիր Լեռ Կամսարի «Սաստիկ կոմունիստներ» թատերական երկը:
Երեկոյին բացման խօսքը արտասանեց «Բագին»-ի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Պալեան, որ անդրադարձաւ ընդհանրապէս գրականութեան աւելի մօտ ըլլալու, անոր անհրաժեշտ արժէքը տալու կարեւորութեան, որովհետեւ մեր կեանքին ու ապագային մէջ անիկա մեծ դեր ու իմաստ ունի:
Լեռ Կամսարի կենսագրական հիմնական գիծերուն անդրադառնալէ ետք` Սմբատ Ղազելեան շեշտեց, որ գրագէտը միշտ ալ յատկանշուեցաւ սխալները մերժելու, յանդուգն կերպով թերութիւններն ու անարդարութիւնները քննադատելու իւրայատկութեամբ, որուն տէրն ու բնորոշողը եղաւ, հակառակ իր կրած ամէն տեսակ չարչարանքներուն եւ հալածանքներուն:
Ապա Ս. Ղազելեան Լեռ Կամսարի «Սաստիկ կոմունիստներ» թատերական երկէն դիպուկ միտքեր, պատկերներ, իրադարձութիւններ, երկխօսութիւններ ընտրելով ներկայացուց գիրքը, որուն մէջ տիրական են խորհրդային վարչակարգին տակ ապրող մարդու հոգեվիճակը, այդ օրերուն ապրած մարդոց առօրեային մաս կազմող կացութիւններն ու իրավիճակները: Թէեւ երգիծական դրոշմով ներկայացուած են այս բոլորը, սակայն ընթերցողը, այս պարագային «Բագին»-ի հանդիպման մասնակիցները, չէին կրնար ցաւին, դժբախտութեան, անարդարութեան հոտը չառնել, ժպիտ պարգեւել ձեւացնող տողերուն մէջ թափանցելով չխորանալ Լեռ Կամսարի եւ անոր ճամբով խորհրդային կարգերուն տակ ապրող, սակայն զանոնք մերժող մարդուն ապրած տագնապալից պահերուն մէջ ու չզգալ, թէ այդ օրերուն որքան դժուար էր իբրեւ արժանապատիւ եւ սկզբունքներու տէր անձ գոյատեւելն ու բարօր կեանք ունենալը:
Սմբատ Ղազելեանի ներկայացման ընդմէջէն «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ գտնուողները տեսան տառապած, սակայն չլացող Լեռ Կամսարը, ցաւած, սակայն ցաւը երգիծանքով եւ ծաղրական շեշտով մատուցող գրողը, որուն կատարածը ինքնին վարպետութիւն կ՛ենթադրէ, գրական ուրոյն շնորհ կը պահանջէ, մատուցման հետաքրքրական ոճ կ՛ենթադրէ… Բաներ, որոնցմով օժտեալ է գրագէտը, եւ որոնք անպայման իրենք զիրենք տեսանելի կը դարձնեն այս երկին մէջ:
«Սաստիկ կոմունիստներ» թատերական երկին ընդմէջէն Ս. Ղազելեան պատկերեց նաեւ Խորհրդային Միութեան ծնունդ տուած ու յղկած մարդիկը, որոնք երբեմն նոյնիսկ իրենք զիրենք չեն ճանչնար, այլ պարզապէս ապրելու սիրոյն կ՛ենթարկուին պահանջուածին, կը յայտնուին անհեթեթ կացութիւններու մէջ, որոնց մէջ ըլլալ չէր փափաքեր ոեւէ անձ:
Ապա Սմբատ Ղազելեան կատարեց գիրքէն յատկանշական ընթերցումներ:
Գիրքի ներկայացումէն ետք տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում, որուն ընթացքին յատկապէս շեշտը դրուեցաւ այն երեւոյթին վրայ, որ Լեռ Կամսար միշտ ալ կառչած մնաց իր սկզբունքներուն, որոնց մասին հրապարակաւ ու անվախօրէն յայտարարեց, հակառակ իրեն տրուած ներումի առիթներուն, ան մերժեց ըլլալ Խորհրդային Միութեան կարգերուն եւ անոնց գլխուն կանգնողներուն մանկլաւիկը: Զրոյցին մասնակիցները հաստատեցին, որ այս մէկը յստակ կերպով ինքզինք կը պարտադրէ «Սաստիկ կոմունիստներ» թատերական գործին մէջ յատկապէս:
Միտքեր արտայայտուեցան նաեւ այս երկին թատերական յատկութիւններուն մասին, մանաւանդ որ անիկա բեմ բարձրացուած է «Հենրիկ Մալեան» թատերախումբին կողմէ:
Ողջունելի նախաձեռնութիւն մը, որուն աւարտին անգամ մը եւս շեշտը դրուեցաւ գիրին, գրականութեան եւ գիրքին արժէքին գիտակցելու անհրաժեշտութեան վրայ, որովհետեւ առանց անոնց ազգին գոյատեւումը բաւական բարդ ու դժուար ուղի մը կ՛ենթադրէ:

