Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանանի Ազգային Խումբը Մեկնեցաւ Թեհրան
Երէկ` չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ազգային խումբը մեկնեցաւ Թեհրան` հոն յատուկ փորձեր եւ պատրաստութիւններ տեսնելու համար Իրանի ազգային խումբին հետ, որպէսզի կարենայ լաւ արդիւնք արձանագրել 30 հոկտեմբերէն 6 նոյեմբեր Մալեզիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան:
Լիբանանի մարզիչ Եազիտ Պու Խալիլ պիտի փորձէ իր կազմին մարզիկները լաւապէս պատրաստել` օգտուելով իրանցի մարզիկներուն ունեցած փորձառութենէն:
Նշենք, որ Թեհրանի մէջ երկու երկիրներու ֆետերասիոններուն միջեւ պատշիրային համաձայնագիր մը պիտի կնքուի` մարզիկներ մարզելու շրջագիծին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

