«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Հաստատեց Եուրօ-2016-ի Զտումի Հանգրուանին Համակարգը

Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաքին մէջ 19-20 սեպտեմբերին նախատեսուած «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի գործադիր կոմիտէի երկօրեայ նիստին նախօրեակին, եւրոպական ֆութպոլի միութեան ղեկավարութիւնը հաստատեց Եուրօ-2016-ի զտումի հանգրուանին համակարգը: ArmSport.am հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ անոր աւարտական հանգրուանին (զտումի մրցումներէն ետք անշուշտ) պիտի մասնակցին 24 հաւաքականներ:

54 երկիրներու ազգային խումբերը պիտի բաժնուին 9 խմբակներու, իւրաքանչիւրը` վեց խումբ: Անոնք պիտի պայքարին 23 տոմսերու համար:

Հետաքրքրականը այն է, որ մրցաշարքը հիւրընկալող երկիրը` Ֆրանսա, թէեւ առանց զտումի մրցումներու ապահոված է աւարտականներու իր տոմսը, սակայն անիկա մաս պիտի կազմէ խմբակներէն մէկուն եւ պիտի կատարէ բարեկամական մրցումներ` իր խմբակին մաս կազմող խումբերուն դէմ:

Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը (18 խումբ) կ՛անցնին աւարտական հանգրուան: Անոնց կը միանան լաւագոյն երրորդ դիրքը գրաւողը: Իսկ մնացեալ ութ խումբերը, որոնք կը գրաւեն երրորդ դիրքը, փլէյ-օֆի մրցումներ կը կատարեն վերջին չորս տոմսերուն համար: 24-րդ խումբը արդէն իսկ Ֆրանսան է:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )