Նախագահ Սլէյման Նախագահեց Սուրիացի Գաղթականներուն Եւ Նիւ Եորքի Խորհրդաժողովին Վերաբերող Նիստերուն

Նիւ Եորքի խորհրդաժողովին վերաբերող նիստէն պահ մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Սուրիայէն հասած գաղթականներուն Լիբանան մուտք գործելու հոլովոյթը, որուն մէջ նկատի պիտի առնուին միջազգային օրէնքին պարտադրած չափանիշերը:

Նիստին ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ:

Նախագահ Սլէյման նախագահեց նաեւ երկրորդ նիստի մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան 25 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ Լիբանանի օժանդակող երկիրներուն յատուկ խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները:

Նախագահ Սլէյմանի, Միքաթիի, Շարպելի եւ Ապու Ֆաուրի կողքին, ներկայ գտնուեցան նախարարի պաշտօնակատարներ Ֆայեզ Ղոսըն, Ալի Հասան Խալիլ, Հասսան Տիապ, Նիքոլա Նահհաս, նախկին նախարար Զիատ Պարուտ եւ ելեւմուտքի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ալեն Պիֆանի:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական եւ կառավարական հարցերը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հարցով լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ ընթացող խորհրդակցութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )