Հայաստան Կ՛ողջունէ Սուրիական Քիմիական Զէնքին Հարցով Առաջարկները
Հայաստան ողջունեց Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ կատարուած առաջարկները, որոնք կարելիութիւն կու տան ոչնչացնելու քիմիական զէնքը ու բացառել անոր օգտագործումը Սուրիոյ մէջ:
Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տեղեկացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Տիգրան Բալայեան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն է Հայաստանի մօտեցումը սուրիական քիմիական զէնքը միջազգային վերահսկողութեան տակ դնելու մասին Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան վերաբերեալ: Ըստ Բալայեանի, այդ առաջարկները կրնան ճամբայ բանալ սուրիական տագնապին խաղաղ ճամբով քաղաքական լուծում գտնելու համար` ուղղուած Սուրիոյ ժողովուրդին եւ անոր անբաժանելի մասը կազմող տասնեակ հազարաւոր սուրիահայերու տառապանքներուն վերջ դնելուն:

