Յովհաննէսեան. «Մաքսային Միութիւնը Կը Վտանգէ Հայաստանի Պետականութիւնը»

Մաքսային միութեան միանալու Հայաստանի իշխանութիւններու որոշումը խստիւ քննադատած Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան նախանցեալ օր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին վերահաստատեց աւելի կանուխ իր արտայայտած մտահոգութիւնը: Րաֆֆի Յովհաննէսեան յայտարարեց, որ Հայաստանի պետականութիւնը վտանգուած է:

«Այդ ուղղահայեացը, որ ժամանակին Խորհրդային Միութիւնն էր, հիմա վերականգնման նախաշեմին կը գտնուի: Ես կը կարծեմ, որ ասիկա ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Ռուսիոյ շահերուն կը համապատասխանէ», ըսաւ Յովհաննէսեան:

Ժառանգութեան ղեկավարը պայքարը շարունակելու պատրաստակամութիւն յայտնեց: Ան նշեց, որ հրապարակին վրայ բողոքի հերթական հանրահաւաքին ներկայ պիտի գտնուին տարբեր ուժեր, անհատներ` փոխադրամիջոցներու սակագինէն դժգոհողներէն մինչեւ ընկերային խնդիրներու լուծումը պահանջող ազատամարտիկներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մաքսային միութեան անդամակցութենէն դժգոհութիւնը կրնա՞յ դառնալ բողոքի հիմնաքարը, Ժառանգութիւն կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց այդ իրողութիւնը եւ նշեց, որ հետագայ պայքարի առումներէն մէկը պիտի ըլլայ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ ատիկա պաշտպանելու, փայփայելու եւ սահմանադրական պահպանում ապահովելու ուղղութիւնը: Ըստ անոր, ատիկա միակ առումը չէ, այլ կան հազար ու մէկ հարցեր:

Յովհաննէսեան կարծիք յայտնեց, որ վերջին 5-6 տարիներու իշխանութեան վարած արտաքին քաղաքականութիւնը բոլոր նախորդներուն վարածին համեմատ ամէնէն վատն է:

«Ցոյց տուին, որ այս օրինազանց իշխանութիւնը պատրաստ է երկրին ինքնիշխանութիւնը դնելու զոհասեղանին եւ մերթ այս կողմ տանիլ, մերթ այն կողմ, միայն թէ այդ պահը անցնի», ըսաւ ան:

«Շատ լաւ է, որ Ֆիւլէ կու գայ եւ արդարացիօրէն կը բողոքէ մեր քաղաքացիներու իրաւունքներուն մասին, թէ ոստիկանութիւնը կը յարձակի քաղաքացիներուն վրայ, բայց շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ այսպիսի պաշտօնեաներ ընդհանուր առմամբ խօսէին վերջին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի վերջին ընտրութիւններուն մասին, երբ զանգուածաբար կազմակերպուած ոճիրով խախտուեցաւ Հայաստանի օրէնքը եւ սահմանադրութիւնը», ընդգծեց Յովհաննէսեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES