ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ազատագրում Եւ Բարգաւաճում Երեսփոխանական Պլոքի Պատուիրակութիւնը

 

 

 

 

 

 

 

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Միշել Մուսա եւ Եասին Ժապեր: Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի պատուիրակութիւնը ընդունեցին ընկեր Յակոբ Խաչերեան եւ երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթուր Նազարեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջադրած նախաձեռնութիւնը:

Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի ողջունեց Պըրրիի նախաձեռնութիւնը` զայն նկատելով դրական նախաձեռնութիւն մը, ինչպէս են խորհրդարանի նախագահին առաջադրած բոլոր նախաձեռնութիւնները:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց Ազգային երկխօսութեան նիստի կայացման անհրաժեշտութիւնը` ամբողջացնելու համար նաեւ այդ երկխօսութիւնը հովանաւորող հանրապետութեան նախագահին ջանքերը:

Անդրադառնալով նախաձեռնութեան բովանդակած կէտերուն` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ իւրաքանչիւր կէտ, որ կը վերաբերի երկրին քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական կայունութեան եւ կը լուծէ լիբանանեան ներքին բեմը յուզող հարցերը` անհրաժեշտ է:

«Չէզոք կեցուածքէն սկսեալ հասնելով մինչեւ ապահովական կայունութեան եւ ահաբեկչութեան հարուածներէն հեռու մնալու քայլերը, քննարկուելիք կարեւոր խնդիրներ են», ըսաւ Յ. Բագրատունի:

Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն առանց նախապայմանի իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ որեւէ երկխօսութեան նախաձեռնութեան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ով որ երկխօսութեան կ՛ուղղուի, յստակ միտքեր եւ դրական տրամադրութիւն կ՛ունենայ եւ ոչ թէ կանխատրամադրուածութիւն: «Ան նաեւ տեղեակ կ՛ըլլայ նախկին տագնապներէն եւ փորձառութենէն, որուն շրջագիծին մէջ լիբանանցին 1975-էն ի վեր մինչեւ օրս ամէն տեսակի պատերազմները փորձած է եւ հասած այն եզրակացութեան, որ բոլոր հարցերուն եւ տագնապներուն լուծում ապահովելու միակ միջոցը երկխօսութիւնն է», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի եզրափակեց ըսելով, որ ՀՅԴ-ն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը այս նախաձեռնութիւնը կը նկատեն կարեւոր, կ՛ընդգծեն անոր անհրաժեշտութիւնը եւ կը մաղթեն, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը ամէնէն արագ միջոցին տեղի ունենայ:

Share this Article
CATEGORIES