Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Խնամեցէք դուք ձեզ եւ հսկեցէք ձեր փափաքներուն: Իրատես եւ խոհեմ եղէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ջանացէք նուազ քննել ձեր առօրեայ կեանքը: Թոյլ տուէք, որ անակնկալները գան ինքնաբերաբար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երկար ժամանակներու ձեր բարեկամները պիտի փաստեն, թէ ոչինչ փոխուած է ձեր միջեւ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի ազդուիք ձեզի նախանձողներէն. պարզապէս շարունակեցէք ձեր ճամբան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր ասպարէզը բարելաւելու համար կ՛արժէ գիրք մը կարդալ: Զարգանալը լաւ է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կազմակերպուեցէք, կերտեցէք ձեր թուղթերը, որպէսզի կարենաք դիւրութեամբ դասաւորել ձեր գործերը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կ՛ուզէք առանձնանալ, երբ ձեր շրջապատը ձեր կարիքը ունի: Գո՞հ էք ձեր ըրածէն: Ուշադրութիւն գրաւե՞լ կ՛ուզէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շաբթուան ընթացքին կուտակուած յոգնութիւնը զգալի պիտի դառնայ շաբաթավերջին ուշադիր եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարզանքը պիտի ազատագրէ ձեզ: Ձեր կամքով կրնաք փրկուիլ յոգնածութենէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կ՛ուզէք հաւասարակշռել ձեր պիւտճէն, բայց դժուարութիւն պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութեան հետ շփուելով պիտի կարենաք գտնել ձեր ներքին հաւասարակշռութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ պարտաւոր էք որոշում մը տալու, մի՛ վարանիք, որովհետեւ լաւ որոշում մը տուած պիտի ըլլաք: