50 Տարի Առաջ (20 Սեպտեմբեր 1963)
Խմբագրական
Հաստատումներ
(Շահնուրի Յօդուածին Առիթով)
Մեր նախորդ երկու թիւերուն մէջ հրատարակեցինք ուշագրաւ յօդուած մը` «Գրականութենէն անդին եւ բարձր», ուր հեղինակը` Շահան Շահնուր, իւրայատուկ ոճով եւ յստակութեամբ կ՛արծարծէր կարգ մը հարցեր, որոնք այսօր հայ ժողովուրդի օրակարգին վրայ են, արտասահմանի մէջ թէ հայրենիքի: Շահան Շահնուր, որուն համար մտածումի անկախութիւնը առաջին արժանիքն է իրաւ գրագէտի մը, իր բառերը չի ծամծմեր, երբ կը գրէ.
«Եթէ այսօր Երեւան կը բանայ իր դուռը «Նահանջ»-ի առջեւ, պատճառն այն է, կը խորհիմ, որ այդ դիրքը բան մը պաշտպանած է իր սահմաններուն մէջ»:
Գրագէտի մը պարագային, որուն համար ոճը ամէն բան է, կարելի չէ ասկէ աւելի յստակ ըլլալ, մանաւանդ երբ քիչ անդին կը դառնայ աւելի պերճիմաստ իրաւունք տալով Փարիզի մեր պաշտօնակից «Յառաջ»-ի այն մեղադրանքին թէ «Հայրենիքը այսօ՜ր միայն կը զբաղի Շահնուրով», այսինքն` երեսուներեք տարուան յապաղումով.
«Ճիշդ է, որ հոն եւս գոյութիւն ունի օտարացման վտանգը, մասնաւորաբար` «ներքին սփիւռք»-ի մէջ, այդ բանը անառարկելի իրողութիւն է: Համայնավար աշխարհի անծայրածիր տարածութիւններուն վրայ ցրուած հայեր կը մնան տարանջատ եւ խզուած` ազգային մթնոլորտէ, որով նաեւ ենթակայ` օտարացման եւ ձուլումի»:
Աւելի չերկարենք: Հետագայ իւրաքանչիւր տող աւելի եւս կը շեշտէ գրագէտին մտածումը` «ներքին սփիւռք»-ի ողբերգութեան մասին:
Շահնուրի այս խօսքերը տարօրինապէս իրաւ կը հնչեն մանաւանդ այս օրերուն, երբ նոր կարգախօսի մը հանգոյն, Երեւանէն մինչեւ ուղեկից մամուլը, դարձեալ կը խօսուի ներգաղթի մասին:
ՀՅԴաշնակցութիւնը իր դիրքը տասնամեակներէ ի վեր ճշդած է ներգաղթի հանդէպ: Յստակ է, որ ներգաղթի մասին մեր ըմբռնումը բոլորովին տարբեր է այն շահագործումէն, որուն կ՛ենթարկուի նուիրական այդ գործը` հակադաշնակցական ճակատին կողմէ:
Ներգաղթը մեզի համար հայ ժողովուրդի ամբողջական մէկտեղումն է իր ազատ ու անկախ հայրենիքի ընդարձակուած սահմաններուն մէջ, ազգահաւաքում մը եւ ոչ թէ` տեղաշարժ: Ազգահաւաքում` թէ՛ «արտաքին» եւ թէ՛ «ներքին սփիւռք»-ներէն եւ ոչ թէ` կազմակերպուած գաղութներու կեանքը ջլատող շարժում մը, որ ծրագրուած է ու կը գործադրուի այնպիսի նպատակներու համար, որոնք ո՛չ մէկ կապ կրնան ունենալ հայութեան գերագոյն շահերուն հետ:
Համայնավարութիւնը ներգաղթի ձեռնարկին մէջ կ՛ուզէ շահագործել հայ անհատին հայրենասիրութիւնը, որ վեր է ամէն նկատումէ` իբրեւ նուիրական զգացում մը, որ մարդուն հետ կը ծնի, մանաւանդ երբ այդ մարդը հեռու կ՛ապրի իր հայրենիքէն:
Տակաւին յիշողութիւններու մէջ թարմ է այն եղերական կացութիւնը, որ ստեղծուեցաւ 46-47 տարիներուն, երբ համայնավարութիւնը եւ անոր արտասահմանի գործակիցները փորձեցին ոտնակոխ ընել ամէնէն նուիրական զգացումները, ներգաղթի քողին տակ, գերագոյն նպատակ ունենալով կազմալուծել մեր գաղութները:
Եթէ ներգաղթին նպատակը ըլլար միայն հայութեան մէկտեղումը իր հայրենի հողերուն վրայ` զայն փրկելու համար օտարացումէ, Երեւանի վարիչները առաջին հերթին մտածած պիտի ըլլային «ներքին սփիւռք»-ի մասին, ուր հարիւր հազարաւոր հայեր ձուլման վտանգին տակ են, թերեւես շատ աւելի` քան արտասահմանի մէջ, զրկուած ըլլալով ոչ միայն «ազգային մթնոլորտ»է, ինչպէս կ՛ըսէ Շահնուր, այլ նաեւ` ազգային կազմակերպուած կեանքէ, որուն բարիքները քիչ թէ շատ կը վայելէ արտասահմանի մեր ժողովուրդը:
Բայց ինչպէս միշտ, ներգաղթի պարագային եւս, որ իր լուծումը կրնայ գտնել միայն Հայ դատի լուծումով, համայնավարութիւնը նկատի ունի միայն իր շահերը, որոնք խոտոր կը համեմատին հայութեան շահերուն հետ` իբրեւ ազգի ու հայրենիքի:
Անգիտանալ այս ճշմարտութիւնը` կը նշանակէ անհաղորդ ըլլալ հայ կեանքը յուզող հիմնական խնդիրներու էութեան:
Ներքին Կեանք
1691 Բժիշկ, 480 Ատամնաբուժ
Եւ 408 Դեղագործ Լիբանանի Մէջ
Առողջապահական նախարարութեան կազմած վիճակագրութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ ներկայիս գոյութիւն ունին 1691 բժիշկներ, որոնցմէ 688-ը մասնագէտներ են:
Այս 1691 բժիշկներուն վրայ 1072-ը կը գործեն Պէյրութի մէջ: Միւսները` շրջանները կը գտնուին:
Նոյն վիճակագրութիւններուն համաձայն, ատամնաբուժներուն թիւն է 480, որոնցմէ 256-ը` հաստատուած են Պէյրութ:
Ինչ կը վերաբերի վկայուած դեղագործներու թիւին, ներկայիս 408-ի կը բարձրանայ ՊԷյրութի ու շրջաններու մէջ:

