Արուեստի Աշխարհէն. Շէյքսփիրէն Մաս Մը Բռնի Ջնջելով

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐԴԵՕՔ ԱՐԴԱՐԱՆԱԼԻ՞ Է ԳՐԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԻ ԳՈՐԾԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՇԱՃԵՑՆԵԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆԸ: ՎԵՐՋԵՐՍ ԱՂՄՈՒԿ ԲԱՐՁՐԱՑԱՒ, ԵՐԲ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ, ԹԷ ՇԷՅՔՍՓԻՐԻ «ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՎԱՃԱՌԱԿԱՆ»-Ը ՎԵՐՍՏԻՆ ՊԻՏԻ ԳՐՈՒԷՐ ՄԵՂՄԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՆՈՐ «ՀԱԿԱՍԵՄԱԿԱՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ»: ԸՆԿԵՐԱԲԱՆ ՖՐԱՆՔ ՖԸՐԵՏԻ «ՍՓԱՅՔՏ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՇԱՏ ԱՆՄԻՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՇԷՅՔՍՓԻՐԸ ԱՅՍ ՁԵՒՈՎ ՎԵՐՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՃԻԳԸ:

Ալան Սաֆիըր (Կրաթիանօ) եւ Մորիս Քարնովսքի (Շայլոք) «Տը մըրչընթ աֆ Վենիս» թատերախաղին մէջ (1973-ին):

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Արեւմտեան ընկերութեան ամէնէն անհաճոյ երեւոյթներէն մէկը ներկայով համակուելու վիճակն է: Այսինքն` հեռացումը անցեալէն եւ ապագայէն եւ կարճատես կեդրոնացումը ներկային վրայ: 21-րդ դարու մշակոյթը տեւաբար կը ձգտի ջնջել այն գիծը, որ ներկան կը բաժնէ անցեալէն: Անցեալի իրադարձութիւններ, պատմական թէ գրական, այժմ կ՛արժեւորուին այսօրուան արժէքներու դիտանկիւնէն: Մշակոյթի մէջ ժամանակագրութեան այս խախտումը պատճառ կը դառնայ, որ պատմական դարաւոր դէմքեր եւ գրական տիպարներ յաճախ գրաքննութեան ենթարկուին` իրենց ցեղային, սեռային կամ դասակարգային խտրականութեան պատճառով, կամ` որեւէ այլ յատկանիշի, որ վիրաւորական կրնայ թուիլ ժամանակակից ընթերցողին:

Մշակութային նման անկենդան պատկեր մը փայփայելու մարմաջին յոռեգոյն երեւոյթներէն մէկը անցեալի գրական մեծ գործերը վերատեսութեան ենթարկելով` զանոնք դարձեալ գրելն է: Քանի մը օր առաջ լսեցինք, թէ այս անգամ զոհը խեղճ Շէյքսփիրն է: Յայտնապէս բրիտանացի գրագէտ Հաուըրտ Ճէյքըպսըն կը ծրագրէ դարձեալ գրել «Տը մըրչընթ աֆ Վենիս» թատրերգութիւնը` «լուծելու համար անոր հակասեմականութեան հարցը»: Խոր յարգանք ունիմ Ճէյքըպսընի նկատմամբ, հետեւաբար այս լուրը տխրութիւն կը պատճառէ ինծի:

Ճէյքըպսընի տրամադրութիւնը բարի է անկասկած, սակայն իրականութիւնը այն է, որ Շէյքսփիրի որեւէ թատրերգութիւն, մանաւանդ «Վենետիկի վաճառական»-ին նման խնդրայարոյց գործ մը վերստին գրելը կը նմանի պատմութիւնը դարձեալ գրելու: Նման ճիգ մը կը սպառնայ վտանգել արուեստի պարկեշտութիւնը եւ կը քաջալերէ գեղագիտական դատողութեան քաղաքականացումը:

Արդեօք ճի՞շդ է, որ «Վենետիկի վաճառականը» ունի հակասեմական խորք: Այո՛, ունի: Արդեօք անոր տիպարը` Շայլոք կը մարմնաւորէ՞ Քրիստոսի թշնամի, փտած եւ ագահ հրեայի երգիծանկարային կերպարը: Այո, կասկած չկայ, որ Շայլոք վանողական պիտի թուի հրեաներուն կարեկցող հանդիսատեսին: Սակայն այս թատերախաղը գրուած է 16-րդ դարուն, եւ ճիգ մըն է արտացոլելու իր ժամանակներու զգացողութիւնն ու բարոյական չափանիշները: Աշխարհի մը մէջ, ուր հրեաները կը նկատուէին Եւրոպայի բարոյական համակարգին սպառնացող արտաքին վտանգ, Շէյքսփիրի պատկերած Շայլոքը եզակի չէր: Այնպէս` ինչպէս յունական ողբերգութիւնները չէին պարունակեր ստրկութիւնը վերացնելու պատգամներ, նոյնպէս ալ` 16-րդ դարու եւրոպացի գրագէտները չէին պատգամեր բազմամշակոյթ համակարգ մը:

«Վենետիկի վաճառական»-ին ամէնէն յատկանշական երեւոյթը այն է, թէ հակառակ որ Շայլոք վաշխառու մըն է, որ ամէն գնով վճարել պիտի տայ իր զոհին պարտքը, սակայն զայն կը տեսնենք իբրեւ երկդիմի, նոյնիսկ` կարեկցող տիպար մը: Ան միակողմանի նենգ տիպար մը չէ, այլ բարդ անձ մըն է: Ան պարզապէս զզուելի հրեայ մը չէ, այլ նաեւ` մարդ արարած մը: Իրօք, թատրերգութեան առաջին արարին երրորդ տեսարանին մէջ Շայլոքի հարցումները խորապէս կ՛արձագանգեն այն հարցին, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մարդ ըլլալ: Անկախ, թէ ինչ էր Շէյքսփիրի մտադրութիւնը, թատրերգութիւնը գէթ պահ մը կը յաջողի մականցել տուեալ ժամանակաշրջանի նախապաշարումները:

«Արդեօք հրեան չունի՞աչքեր, չունի՞ ձեռքեր, մարմնի գործարաններ, յատկութիւններ, զգացողութիւններ, համակրանքներ, կիրքեր: Արդեօք ան չի ստանա՞ր նոյն սնունդը, չի՞ վիրաւորուիր նոյն զէնքերով, ենթակայ չէ՞ նոյն հիւանդութիւններուն, չի՞ բուժուիր դարմանումի նոյն ձեւերով, նոյն միջոցներով չի՞ տաքնար ձմրան եւ չի՞ զովանար ամրան, այնպէս` ինչպէս ոեւէ քրիստոնեայ: Երբ ասեղ մը խրեն մեր մարմնին մէջ, չե՞նք արիւնիր: Երբ խտղեցնեն մեզ, չե՞նք խնդար: Երբ թունաւորեն մեզ, չե՞նք մեռնիր: Երբ անարդար վարուին մեզի հետ, վրէժ չե՞նք լուծեր: Եթէ մենք նման ենք ձեր բոլորին, ապա նման ենք այս բոլոր ձեւերով: Երբ քրիստոնեայ մը անարդար վարուի հրեայի մը նկատմամբ, ի՞նչ պիտի ըլլար անոր կեցուածքը. վրիժառութի՛ւն: Երբ հրեայ մը անարդար վարուի քրիստոնեայի մը նկատմամբ, ի՞նչ պիտի ըլլար անոր կեցուածքը քրիստոնէական օրինակով. դարձեա՛լ վրիժառութիւն: Նենգութիւնը, որ կը սորվեցնէք ինծի, պիտի գործադրեմ, եւ ծանր պիտի ըլլայ հետեւանքը, սակայն շատ լաւ ձեւով պիտի կիրարկեմ տրուած ցուցմունքը»:

Արդեօք արդի գրագէտներ պէտք ունի՞ն պատշաճեցնելու Շայլոքը եւ զայն նոր ձեւով մեկնաբանելու: Չեմ կարծեր: Փոխարէնը` պէտք է հասկնալ անոր կացութիւնը: Ինչպէս հզօր թատերախաղերու մէջ ոեւէ հերոս, զայն կարելի է մեկնաբանել տարբեր ձեւերով: Ա՛յս է, որ պէտք է ակնկալենք իրական արուեստէն: Այո՛, թատրերգութիւնը մտածել կու տայ հրեաները ներկայացնելու կարգ մը անախորժ միջոցներուն մասին, սակայն 21-րդ դարու հանդիսատեսը կարողութիւնը ունի՛ զանոնք քննելու խելացի ձեւով:

«Վենետիկի վաճառական»-ը արդիականացնելը հաւանական է, որ ստեղծէ քաղաքական քարոզչութիւն եւ ոչ` արուեստ: Կարիքը չունինք Շէյքսփիրը մաքրազտելու կամ զայն վերաձեւաւորելու` իբրեւ 21-րդ դարու պատշաճ գրագէտ:

Այստեղ բուն հարցը հրեաները թատերական ձեւով ներկայացնելու ձեւը չէ, այլ անցեալի կողոպուտն է: Հարկ է նշել, թէ վերստին գրուած «Վենետիկի վաճառական»-ը պիտի հրատարակուի «Փենկուէն» հրատարակչատան կողմէ, որ նաեւ այլ հեղինակներու ապսպրած է վերստին գրել Շէյքսփիրի տարբեր թատերախաղերը: Մարկըրեթ Աթվուտ վերստին պիտի գրէ «Տը թեմփեսթ»-ը, Ժանեթ Ուինթըրսըն` «Տը ուինթըր՛զ թէյլ»-ը, Էն Թայլըր` «Տը թէյմինկ աֆ տը շրու»-ն: Ցաւալի է, որ նման տաղանդաւոր գրագէտներու պարտականութիւն տրուած է գործելու ոճիր մը` 16-րդ եւ 17-րդ դարու թատրերգութիւններու դէմ: Սակայն այս կամ այն ձեւով Շէյքսփիր պիտի վերապրի «անգլիական գրականութեան առանցքային այս գործերը վերստեղծելու հետաքրքրական առիթէն», ինչպէս զայն կը կոչէ «Փենկուէն ռենտըմ հաուս» հրատարակչատունը: Սակայն ինչո՞ւ վերստեղծել առանցքային գործեր:

Յետ գրութիւն. յայտնապէս «Տը մըրչընթ աֆ Վենիս»-ը մաքրագործելու Հաուրտ Ճէյքըպսընի ծրագիրներուն մասին լուրերը աղաւաղուած են: Հաուըրտ կապ հաստատեց հետս, եւ բացատրեց, թէ անոնք ճիշդ չեն: Ան նաեւ կը բաժնէ անցեալը կողոպտելու մեր արդի սովորութեան դէմ տրամադրութիւնս, սակայն կը կատարէ նաեւ մատնանշում մը, թէ պէտք է խորանալ գրականութեան անցեալի պատմութիւններուն մէջ եւ զանոնք դարձեալ երեւակայել ժամանակակից ընթերցողներու դիտանկիւնէն, ինչ որ երկար ժամանակէ ի վեր հետաքրքրական եւ արդիւնաւէտ միջոց մը կը թուի ըլլալ: Ուրախ եմ այս ճշդումին համար: Անշուշտ անհամբեր կը սպասենք տեսնելու, թէ Հաուըրտ ինչպէ՛ս պիտի մեկնաբանէ «Վենետիկի վաճառականը»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )