Ըստ «Վաթիքըն Ինսայտըր»-ի. Եգիպտոս Կրնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Առաջին Իսլամական Երկիրը Դառնալ
«Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ Վատիկանի գործունէութիւնը լուսաբանող «Վաթիքըն Ինսայտըր» կայքէջը` անդրադառնալով Եգիպտոսի Ժողովրդական ճակատի հիմնարկի ղեկավար, փաստաբան Մոհամետ Սաատ Խէյրալլայի աննախադէպ քայլին, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպման մեղադրական հայց ներկայացուցած է Թուրքիոյ դէմ, կը նշէ, որ Եգիպտոսի նախկին նախագահ Մոհամետ Մուրսիի պաշտօնանկութենէն ետք Եգիպտոսը կրնայ դառնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին իսլամական երկիրը:
Դատարանը գործը պիտի քննէ 5 նոյեմբերին:
Այս մասին փաստաբանը առաջին անգամ յայտարարած էր 4 սեպտեմբերին` Եգիպտոսի եւ արաբական աշխարհի մէջ ժողովրդականութիւն վայելող Լիլիան Տաուտի զրոյցի յայտագիրին ընթացքին: Ան յոյս յայտնած է, որ իր հայցը պիտի ստիպէ Եգիպտոսի` «Միջին Արեւելքի սիւննի մահմետական մեծագոյն պետութեան» ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը` օրինակ ծառայելով արաբական միւս երկիրներուն համար:
Հաղորդման ընթացքին նաեւ առաջարկ կատարուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան կանգնեցնելու մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ: Գործող կառավարութեան կոչ ուղղուած է դիւանագիտական քայլերու ձեռնարկելու, որպէսզի Թուրքիան ստիպուած ըլլայ հատուցել ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգներուն:
Իտալական «Լա Սթամփա» օրաթերթի մշակած «Վաթիքըն Ինսայտըր» ծրագիրը նախատեսուած է Վատիկանի, Հռոմի պապի գործունէութիւնը եւ անոնց մասին նորութիւնները լուսաբանելու, միջազգային ասպարէզին մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութեան եւ կրօնական հարցերու վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութիւն տրամադրելու համար:

