ԻՏԱԼԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՄՈՆԹԵԼԼԱ` ՔԱԹԱՆԻԱՅԻ ՄԱՐԶԻՉ. ՏԻ ՔԱՐԼՕ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՔԻԵՒՕ

Վինչենցօ Մոնթելլա

Քալչիոյի երկու կազմեր` Քաթանիա եւ Քիեւօ, պաշտօնական հաղորդագրութիւններ հրապարակելով յայտարարեցին, որ իրենց կազմերը օժտած են նոր մարզիչներով:

Վինչենցօ Մոնթելլա նշանակուեցաւ Քաթանիայի մարզիչ, մինչ Տոմենիքօ Տի Քարլօ վերադարձաւ Քիեւօ:

Մոնթելլա փոխարինեց արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէն, որ այս տարեշրջանի աւարտին 13-րդ դիրքը գրաւելէ ետք, նախորդ շաբաթ լքեց իր պաշտօնը` չորս ամիս պաշտօնավարելէ ետք:

36 տարեկան Մոնթելլա, որ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, անցեալ փետրուարին նշանակուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի ժամանակաւոր մարզիչ, երբ Քլաուտիօ Ռանիերի հրաժարեցաւ: Սակայն այս տարեշրջանի աւարտին անոր նոր պայմանագրութիւն մը չառաջարկուեցաւ Ա. Էս. Ռոմայի կողմէ:

Ինչ կը վերաբերի 47 տարեկան Տի Քարլոյի, ան վերադարձաւ Քիեւօ` անյաջող շրջան մը ունենալէ եւ անցեալ փետրուարին պաշտօնազրկուելէ ետք Սամտորայի կողմէ:

Տի Քարլօ նախապէս 2008-2010 ժամանակամիջոցին եղած է Քիեւոյի մարզիչ:

Ինչ կը վերաբերի Տի Քարլոյի նախկին ակումբին` Սամտորայի, որ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, Ճիանլուքա Աթզորին նշանակեց նոր մարզիչ:

 

Share this Article
CATEGORIES