ՌՈՊՍԸՆ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿՈՒ ՏԱՅ ԹԱՅԼԱՆՏԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԸ ԼՔԵԼՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Ինչպէս ծանօթ է, Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետը` Պրայըն Ռոպսըն, նախանցեալ օր լքեց Թայլանտի ֆութպոլի ազգային խումբը:
54 տարեկան մարզիչը ըսաւ, որ այդ քայլին դիմած է առողջապահական եւ ընտանեկան պատճառներով:
Ռոպսըն, որ նախորդ մարտին փոքր վիրաբուժութեան մը ենթարկուեցաւ, Թայլանտը լքելով յառաջիկայ տարեշրջանին նոր ակումբի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսելու մտադիր չէ երբեք:
Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ 13 տարիներու ընթացքին 345 մրցումի մասնակցած Ռոպսըն 21 ամիս ստանձնեց Թայլանտի մարզիչի պաշտօնը: Անիկա հանդիսացաւ առաջին խումբը` մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին:
CATEGORIES Մարզական