ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԽՈՐԷՆ ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ ԿԵՐՏԵՑ ՌՈՍԹՈՎԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Խորէն Պայրամեան

Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երիտասարդներու խումբերու մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռոսթով խումբը իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քրասնոտարի երիտասարդներու կազմը:

Ռոսթով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ հայազգի ֆութպոլիստ Խորէն Պայրամեանի նշանակած կոլին, որ 71-րդ վայրկեանին ցնցեց մրցակիցին բերդին ուռկանը:

Ռոսթովի յաջորդ մրցակիցը (13 յունիսին) պիտի ըլլայ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ (դարձեալ Ռոսթովի դաշտին վրայ):

Նշենք, որ Պայրամեան այս տարեշրջանին բաւական լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ իր կազմին հետ:

Share this Article
CATEGORIES