ՃՈՐՏԸՆ ՀԵՆՏԸՐՍԸՆ ՄԻԱՑԱՒ ԼԻՎԸՐՓՈՒԼԻ
Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին լաւ արդիւնք արձանագրելու եւ կազմը զօրացնելու նպատակով, Լիվըրփուլ իր շարքերուն միացուց անգլիացի միջնապահ Ճորտըն Հենտըրսընը, որ մաս կը կազմէր Սանտըրլենտի:
Այսպիսով, 20 տարեկան Հենտըրսըն հանդիսացաւ առաջին մարզիկը, որ 2010-2011 տարեշրջանին աւարտէն ետք կը միանայ Լիվըրփուլի:
Ըստ անգլիական մամուլին, անոր փոխանցման համար Լիվըրփուլ վճարեց շուրջ 33 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ ան միայն մէկ անգամ կրած է Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, այդ ալ նախորդ նոյեմբերին, Ֆրանսայի դէմ տեղի ունեցած ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:
Կը կարծուի, որ այս ամրան ընթացքին Լիվըրփուլի մարզիչ Քենի Տալկլիշ այլ մարզիկներ ալ պիտի միացնէ իր կազմին:
CATEGORIES Մարզական