15-18 ՅՈՒՆԻՍԻՆ. ԻՏԱԼԱՑԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ՔԼԱՈՒՏԻՕ ԿՈՏԻՆՕ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆ

Քլաուտիօ Կոտինօ

Անթունիէ համալսարանին (Պաապտա- Հատաս) յատուկ հրաւէրով, յառաջիկայ 15-18 յունիսին Լիբանան պիտի ժամանէ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Եուվենթուսի մարմնամարզանքի իտալացի ուսուցիչ Քլաուտիօ Կոտինօ:

Ան մարզական կարեւոր գիտելիքներ պիտի փոխանցէ մարզիչներուն, խաղացողներուն, մարզական պատասխանատուներուն եւ այլ անձերու:

Կոտինօ անցեալին գործակցած է փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիոյի հետ, երբ ան մաս կը կազմէր Ինթեր Միլանի (2009-2010 տարեշրջանին), ինչպէս նաեւ իտալացի մարզիչներ Մարչելլօ Լիփփիի եւ Ճիովանի Թրափաթոնիի հետ:

Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն այս դասընթացքին մասնակցիլ, պէտք է կապ հաստատեն Զինա Մինայի եւ Ժորժ Ասսաֆի հետ` հեռաձայնելով 03-423313 թիւին:

Share this Article
CATEGORIES