ՃԱՏՐԱԿ. ՄԱԹԻԿՈԶԵԱՆԻ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ` ՏԱՐԲԵՐ ՏԵՍԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐՈՒ

ՀԱՅՐԵՆԻ վարպետ Անդրանիկ Մաթիկոզեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքի մը, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 2-4-րդ դիրքը: Ան միայն կէս կէտով ետ մնաց տիտղոսին տիրացած Ճանիպեք Ամանովէն (Ուզպեքիստան):

ՕԼՈՆԿԱՓՈՅԻ (Ֆիլիփեան կղզիներ) միջազգային մրցաշարքի իր մասնակցութիւնը բերած հայրենի վարպետ Դաւիթ Յարութիւնեան առաւելագոյն 10 կէտէն 7 կէտ ապահովելով, հանդիսացաւ 5-րդ` 86 մասնակցողներու մէջ:

Ան կէս կէտով միայն ետ մնաց տիտղոսին տիրացած Տարուին Լայլոյէն (Ֆիլիփեան կղզիներ), Ուեն Եանկէն եւ Լի Սհիլոնկէն (Չինաստան):

 

Share this Article
CATEGORIES