Վարշաւայի Մէջ. Հանդիպում Հայաստանի Եւ Լեհաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութեամբ Վարշաւա ժամանած արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքիի հետ:

Նախարարները քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ուղիները:

Այս առումով Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան նպատակադրած է շարունակել համակողմանի փոխադարձ գործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան հետ կարելի բոլոր ուղղութիւններով:

«Հայաստան, Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան սկիզբէն, նոյնիսկ անկէ առաջ, ըսած է եւ կը շարունակէ ըսել, որ պատրաստ է ըստ կարելւոյն սերտ, ըստ կարելւոյն ընդլայնուած յարաբերութիւններ ունենալ Եւրոպական Միութեան հետ, մօտ ըլլալ Եւրոպական Միութեան այնքան, որքան ատիկա կարելի պիտի ըլլայ Եւրոպական Միութեան, բայց ոչ վնասելով Ռուսիոյ հետ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններուն: Եւ անհրաժեշտ է նոյնինքն այդ շրջագիծին մէջ դիտել Հայաստանի որոշումը Մաքսային միութեան անդամակցելու առումով», շեշտեց Նալբանդեան:

Նախարար Նալբանդեան նշեց, որ կարեւոր է յառաջ մղել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները` հիմնուելով վերջին տարիներուն արձանագրուած միացեալ յառաջընթացին եւ արդիւնքներուն վրայ:

Էդուարդ Նալբանդեան լեհ գործընկերոջը տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերուն վերաբերեալ:

Հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն տարածեց նաեւ Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ նշեց, թէ պաշտօնական Վարշաւան պատրաստակամութիւն յայտնած է շարունակելու աջակցութիւնը Հայաստանի եւրոպական նկրտումներուն: Միեւնոյն ժամանակ Սիքորսքի ընդգծեց, որ Ռուսիոյ ձեւաւորած Մաքսային միութեան միանալու` Հայաստանի որոշումը բարդացուցած է Եւրոպական Միութեան  Ընկերակցութեան համաձայնագիրի նախաստորագրումն ու Ազատ առեւտուրի գօտիին ստեղծումը: Սիքորսքի նաեւ շեշտեց, որ Վարշաւա չ՛աջակցիր այս փաստաթուղթի` միայն քաղաքական հատուածի ստորագրումին:

 

Share this Article
CATEGORIES