Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Անդամ Երկիրներու Ղեկավարները Պիտի Քննարկեն Միասնական Օդուժի Ստեղծման Հարցը
Ռուսիոյ նախագահին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ 23 սեպտեմբերին Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն հանդիպումը:
ԱՊՀ-ի վեց երկիրներէն բաղկացած ռազմաքաղաքական այս կառոյցի անդամներէն մէկն է նաեւ Հայաստանը: Միւս երկիրներն են` Ռուսիան, Պիելոռուսիան, Ղազախստանը, Խըրխըզիստանը եւ Տաճիկիստանը:
Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ պիտի քննարկուին դաշնակցային համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հաւաքական անվտանգութեան համակարգերը բարելաւելու հարցերը, կազմակերպութեան ռազմաօդային ուժեր ստեղծելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրուի, թէ ինչպէս իրականացուած են մինչեւ այսօր տրուած որոշումները, մասնաւորաբար` նախորդ տարուան դեկտեմբերին տեղի ունեցած Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան խորհուրդին եւ այս տարուան մայիսին Պիշքեքի ոչ պաշտօնական վեհաժողովի որոշումները:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ Սոչիի հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ պիտի առնուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ երկիրներու սահմաններու պաշտպանութիւնը` նախ եւ առաջ հաշուի առնելով, որ 2014 թուականէն սկսեալ Աֆղանիստանէն դուրս պիտի բերուին միջազգային զինուորական ուժերը:
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա յայտնեց, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման նախօրէին տեղի պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարներու, պաշտպանութեան նախարարներու, ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարներու խորհուրդի նիստը:
Պորտիւժա յայտնեց, որ պիտի առաջարկուի զօրացնել Տաճիկիստանի սահմանը Աֆղանիստանի հետ: Վերջերս Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան փորձագէտները այնտեղ ուսումնասիրած են իրավիճակը եւ եզրակացուցած, որ անհրաժեշտ է օգնութիւն ցուցաբերել Տաճիկիստանի սահմանապահ ուժերուն:
Ինչ կը վերաբերի միասնական օդուժին, ապա նշենք, որ ամիսներ առաջ այդ գաղափարը քննարկուած է: Կ՛առաջարկուի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան միասնական օդուժին մէջ ընդգրկել կործանիչներ, ռմբակոծիչներ եւ ռազմական փոխադրական օդանաւեր:

