Ճատրակ. Սապատելի Մրցաշարք. Կարէն Մովսիսեան Հանդիսացաւ Երկրորդ
Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սապատելի մէջ (Սպանիա) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով գրաւեց 2-րդ դիրքը, կը յայտնէ Armchess.am-ը:
Ան միայն կէս կէտով ետ մնաց միջազգային վարպետ Կուտմունտուր Քիարթանսոնէն (Իսլանտա), որ հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 32 ճատրակի վարպետներ:
CATEGORIES Մարզական

