Անբախտ Քասիաս Երկու Շաբաթ Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Ռէալ Մատրիտի կողմէ երէկ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբի բերդապահ Իքեր Քասիաս, որ նախանցեալ օր Կալաթասարայի դէմ տեղի ունեցած մրցումին բախում ունենալով իր խմբակիցին` Սերճիօ Ռամոսին հետ վիրաւորուեցաւ եւ մրցումին 15-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ Տիեկօ Լոփեսով, երկու շաբաթով պիտի բացակայի դաշտերէն:

Թէեւ 32 տարեկան Քասիաս Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վիչենթէ Տել Պոսքէի կողմէ նկատի կ՛առնուի իբրեւ հիմնական բերդապահ, սակայն Ռէալի նոր մարզիչ Քարլօ Անչելոթթի, ինչպէս նաեւ անոր նախորդը` Ժոզէ Մուրինիօ անոր փոխարէն կը նախընտրեն Լոփեսը:

Սպանիա 11 եւ 15 հոկտեմբերին յաջորդաբար պիտի մրցի Պիելոռուսիոյ եւ Վրաստանի դէմ` 2014-ի Մոնտիալի զտումի վերջին երկու մրցումներուն գծով:

Տել Պոսքէի համաձայն, ան պիտի մնայ խումբին խմբապետը, անշուշտ եթէ մինչեւ վերոնշեալ մրցումներուն թուականը ապաքինած ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES