ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՄԱՎԸՐԻՔՍ ՏԻՏՂՈՍԻՆ ՏԻՐԱՆԱԼՈՒ ՍԵՄԻ՞Ն

Տըրք Նովիթցքի (կեդրոնը)

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի հինգերորդ մրցումին, Տալաս Մավըրիքս 112-103 արդիւնքով յաղթելէ ետք Մայեմի Հիթի, 3-2 արդիւնքով գերազանցեց զայն:

Մավըրիքս, որ ցարդ Էն. Պի. Էյ.ի ախոյեան հանդիսացած չէ, այժմ կը գտնուի տիտղոսին տիրանալու սեմին: Եթէ անիկա վերջին երկու մրցումներէն մէկուն յաղթանակ արձանագրէ, պիտի հանդիսանայ ախոյեան:

Երէկուան այս մրցումին յաղթական կազմին մարզիկներէն Տըրք Նովիթցքի նշանակեց 29 կէտ, իսկ Տուայն Ուէյտ (Հիթ)` 23 կէտ:

Անոնց միջեւ վեցերորդ ճակատումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 13 յունիսին` Մայեմիի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES