ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. «ԱՂԲԱԼԵԱՆ-ՀՄԸՄ». ՄԱՐԶԱՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ ԺՈՐԺ ԽՈՒՐԻ ՏԻՐԱՑԱՒ ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԱԹՈՍԵԱՆԻ ԱՆՈՒԱՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ

Տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն ետք

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած փինկ փոնկի մրցաշարքը, որ կը կրէր Լիբանանի ախոյեան Սամուէլ Մաթոսեանի անունը, երէկ աւարտեցաւ, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական հանգրուանի մրցումը:

Աւարտականին Ժորժ Խուրի 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նազիհ Տաապուլի տիրացաւ տիտղոսին: Կիսաւարտականի մրցումներուն Խուրի յաղթեց Էլի Առնաութի (3-0), իսկ Տաապուլ` Յակոբ Ճալըքեանի (3-2):

Նշենք, որ տեղի ունեցան 1963-1964-ի ծնունդ դասակարգի մրցումներ` մասնակցութեամբ 32 վեթերան խաղացողներու:

Մասնակցողներուն կարգին էր նաեւ Լիբանանի անցեալի նախկին ախոյեան Րաֆֆի Մունջողլեան:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES