ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ ՖԻՏԷ-ԻՆ ՀԵՏ

Սերկէյ Մովսիսեան

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստանի ճատրակի հաւաքականին մաս կազմող մեծ վարպետներ Սերկէյ Մովսիսեան, Վլատիմիր Յակոբեան եւ Արման Փաշիկեան պայմանագիր ստորագրեցին ՖԻՏԷ-ին հետ` հաստատելով իրենց մասնակցութիւնը 26 օգոստոսին Խանթի Մանսիսքի (Ռուսիա) մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին:

Լեւոն Արոնեան, որ իր կարգին կրնար այս մրցաշարքին մասնակցիլ, Խանթի Մանսիսքի մէջ պիտի չխաղայ, որովհետեւ իր ունեցած բարձր վարկանիշին շնորհիւ իրաւունք ունի միանգամայն մասնակցիլ աշխարհի ախոյեանի կոչումին համար տեղի ունենալիք մրցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES