Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Նախկին Նախագահ Ամին Ժեմայէլը
Չորեքշաբթի, 18 սեպտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի:
Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման նաեւ ներկայ էր Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Խորհրդակցական հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին առնչուող հարցեր, եւ յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
CATEGORIES Գաղութային


