Վ. Սապունճեան Այցելեց Շարպելի
Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր, յատկապէս ինչ կը վերաբերի փոխադրակառքերուն գիշերը բանելու ծրագիրին:
Վ. Սապունճեան դրուատեց Շարպելի որոշումը, որ կը վերաբերի փոխադրակառքերուն գիշերային բանեցումին` վերջ տալու համար օրուան մէջ յառաջացող երթեւեկի խճողումին:
Վ. Սապունճեան նշեց, որ ճարտարարուեստի մարզին այս հանգրուանի աշխատանքը կարելի է լաւ գնահատել, առանց մէկդի դնելու այն իրականութիւնը, թէ լիբանանեան արտադրութիւններուն արտածումը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ շրջանին դիմագրաւած ներկայ հարցերով հանդերձ, Լիբանան այն երկիրն է, որուն տնտեսական կացութիւնը տակաւին լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի` հակառակ շրջանին դիմագրաւած քաղաքական բարդութիւններուն:


