Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Երեսփոխան Պութրոս Հարպը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Հարպի տեղեկատու գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկուած են լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մանրամասնութիւնները:
Հարպ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է նոր կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` դիմագրաւել կարենալու համար շրջանին առջեւ ծառացած վտանգները, որոնք Լիբանանի վրայ կ՛ունենան իրենց հետեւանքները:
Ըստ հաղորդագրութեան, հանդիպումին ընթացքին Հարպ հաստատած է նախագահ Սլէյմանի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութեան կարեւորութիւնը, այն իմաստով, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին նախագահ Սլէյման պիտի շեշտէ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքը` շրջանային իրադարձութիւններէն, յատկապէս` Սուրիոյ տագնապէն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նախագահ Սլէյման ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կազմելու համար կառավարութիւն մը եւ այդ իմաստով կը գործակցի վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` վերջ տալու համար կառավարութեան աշխատանքներուն մէջ ստեղծուած բացին:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակն ու բանակին կարիքները:


