ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՎՐԱՅ ՌՈՒՄԲ ՄԸ ՆԵՏՈՒԵՑԱՒ

Պոլսոյ մէջ նախընտրական պաստառներէն մէկը` «կայունութիւնը թող յառաջանայ, Պոլիսը թող մեծնայ»

Թրքական ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ անծանօթներ Պոլսոյ մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական գրասենեակներէն մէկուն վրայ ձայնային ռումբ մը նետած են:

Աղբիւրները նշեցին, որ «անձ մը կամ խումբ մը անձեր» հինգշաբթիէն ուրբաթ լուսցող գիշեր Պոլսոյ եւրոպական բաժինին Քեֆիթհանէ շրջանին մէջ գտնուող ընտրական գրասենեակին դէմ յարձակում գործած են: Յարձակումին պատճառով շէնքին մէջ հրդեհ ծագած է, ինչ որ նիւթական մեծ վնասներ պատճառած է, սակայն ոչ` մարդկային զոհեր:

Յարձակումը տեղի ունեցաւ, մինչ Թուրքիա կը պատրաստուի վաղը տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութեան, որուն ընթացքին քաղաքական 15 կուսակցութիւններ իրարու դէմ պիտի մրցին` 53 միլիոն քուէարկողներու քուէները ստանալով 550 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններ ունենալու համար:

Share this Article
CATEGORIES